ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- «Մեր ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին հայ մայրը իր կեանքի վարքագիծով որպէս տիպար՝ բարոյական, կրօնական ու ազգային արժէքներու ու սրբութիւններու, ինչպէս նաեւ իր առանցքային դերակատարութեամբ եղած է սիւնը հայ ընտանիքին: Նոյնը պէտք է ըլլայ հայ մայրը այսօր: Երբ հայ ընտանիքը քայքայուի, հայ ազգն է որ կը քայքայուի: Ահա թէ ինչո՛ւ ճակատագրական է հայ մօր դերը», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի դահլիճին մէջ, ընդունելով աւելի քան 200 հայ մայրեր, որոնք Հայ Մօր Տարուան առիթով Անթիլիասի Մայրավանք եկած էին աջահամբոյրի: Շարունակելով իր խօսքը վեհափառը ըսաւ. «Ո՛չ միայն 2013 տարին Հայ Մօր Տարի է, այլ՝ ամէն տարի, ամէն ամիս, ամէն օր ու ամէն ժամ: Հայ մայրը մեր գոյութեան աղբիւրն է ու գոյատեւման երաշխիքը: Երախտապարտ ենք այն բոլոր հայ մայրերուն նկատմամբ, որոնք հաւատարիմ են իրենց նուիրական կոչումին: Սակայն խստապահանջ պէտք է ըլլանք այն բոլոր հայ մայրերուն նկատմամբ, որոնք հաւատարիմ չեն իրենց կոչումին եւ իրենց զաւակները հայ եկեղեցիէն, հայ դպրոցէն, հայ ակումբէն ու հայ կեանքէն հեռու կը պահեն»: Վեհափառ հայրապետը իր օրհնութեան խօսքը եզրակացուց իր սէրն ու յարգանքը արտայայտելով բոլոր հայ մայրերուն:
Վեհափառին խօսքէն առաջ յաջորդաբար խօսք առին «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան եւ Քրիստին Սարգիսեան-Դանիէլեան, որոնք խօսեցան «Գարակէօզեան» հաստատութեան կազմակերպած կիներու յատուկ ընկերա-առողջապահական դասախօսութիւններուն մասին, որոնց շարքին երբեմն նաեւ կրօնական ու ազգային նիւթերու մասին դասախօսութիւն կը տրուի հայ կիներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.