
ԹԱՒՐԻԶ.- Հինգշաբթի, 16 Մայիսի երեկոյեան ժամը 6ին, Հայ Օգնութեան Միութեան Թաւրիզի մասնաճիւղի կեդրոնատեղիին մէջ բացումը կատարուեցաւ Խմորեղէնի «պազարի»ն:
Ծերունի Գասպարեան մանկապարտէզ-նախակրթարանի առաքելութեան նուիրուած ՀՕ Միութեան վարչութեան, ուսուցչակազմի եւ ծնողական խորհուրդի միացեալ աշխատանքով պատրաստուած սոյն «Պազար»ի բացման ներկայ գտնուեցաւ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր վրդ. Չիֆթճեան, Ազգային վարչութեան անդամներ եւ ՀՕ Միութեան աշխատանքները քաջալերող հայորդիներ:
Համադամ խմորեղէններու համտեստումի ընթացքին, թեմակալ առաջնորդը գնահատեց այն բոլոր անձերը, որոնք հաւատալով ՀՕՄի մարդասիրական առաքելութեան ու մանաւանդ մատղաշ սերունդի կազմաւորման մէջ ունեցած ներդրումին, իրենց նպաստը բերած էին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան համար:
Վարչութեան անդամներուն հետ իր հանդիպման ընթացքին, թեմակալ առաջնորդը եւ Ազգային իշխանութեան անդամները առիթ ունեցան զրուցելու միութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն շուրջ, յատկապէս կրթական յառաջիկայ տարուան համար:
Keep up the good work!