
Հովանաւորութեամբ Ծոցի երկիրներու թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Մայիս 16ին տեղի ունեցաւ ՀՀ Առաջին Անկախութեան 95րդ տարեդարձին նուիրուած շքեղ տօնակատարութիւն:
Հանդիսութեան նախագահն էր Կիրակոս Տարագճեան: Տօնակատարութեան ընթացքին Քուէյթի ՀՅԴ պատասխանատու մարմինի խօսքը փոխանցեց մարմինի ներկայացուցիչ Յակոբ Պետիրեան:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեան, օրուան խորդուրդը փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեան, բանախօսները իրենց յակիրճ խօսքերով փոխանցեցին օրուան պատգամը, առաջին հանրապետութիւնը համարելով պետութեան բարձրագոյն արժէքի կերտում:
Հանդիսութեան ճոխ մթնոլորտն ու բարձր տրամադրութիւնը ապահովեց Հալէպի սիրուած երգիչ Յովսէփը՝ իր նուագախումբով: