Մայիս 2, 2013ին, Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի նախակրթարանի հինգերորդ կարգի աշակերտները պատրաստած էին Մայրերու Օրուան առթիւ պատշաճ յայտագիր մը՝ նուիրուած իրենց սիրելի մայրերուն, իրենց հայոց լեզուի դասատու Մարալ Արնէլեանի կազմակերպութեամբ: Մեծ թիւով ծնողներ փութացած էին խոր հրճուանք ապրելու իրենց մատղաշ զաւակներու կատարողութեանց ի տես:
Յայտագիրի սկզբնաւորութեան, բացման խօսք արտասանեց Նաթալի Նալջաճեանը, որ նաեւ ստանձնեց հանդիսավարութիւնը: Ան յիշեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետ Արամ Ա. կաթողիկոս 2013ը հռչակած է Հայ Մօր Տարի, ընդգծելով, որ հայ մայրը հայ ժողովուրդին համար ոչ միայն դարձած է տիպար մայր, այլ եղած է իր ընտանիքին ամրակուռ սիւնը եւ իր զաւակներուն նուիրեալ դաստիարակը:
Աշակերտները Մայրերու Օրուան նուիրուած խմբերգներով ելոյթ ունեցան: Անոնց կ՛ընկերակցէր իրենց երաժշտութեան ուսուցչուհի Լուսինէ Գալստեանը՝ դաշնակի վրայ:
Յաջորդական խումբերով աշակերտներ ելոյթ ունեցան, բնութագրեցին մայրութիւնը եւ ներկայացուցին, թէ «Ո՛վ Է Մայրը»՝ զայն նմանցնելով շէնքի մը, որուն սիւները կառուցուած են զօրաւոր ու հաստատուն հիմերու վրայ:
Մայրութեան նուիրուած թատերական պատկերներ ներկայացուցին աշակերտները՝ համապատասխան տարազներով եւ դերասանական ձիրքերով:
Ծնողները մեծ յուզումով եւ բուռն ծափողջիւններով մէջ ընդ մէջ կը քաջալերէին աշակերտները, որոնք իրենց վստահուած դերերը կը կատարէին լրջութեամբ եւ խոր յարգանքով՝ ի պատիւ իրենց մայրերուն:
Կ՛արժէ յիշել թատերական պատկերներէն մէկ քանին, ինչպէս՝ «Մայրութիւն», «Իսկական Հարազատ Մայրը» եւ «Մայրերու Օրուան Տօնակատարութիւն»:
Յայտագիրի աւարտին, աշակերտները մէկական վարդ եւ իրենց ձեռային աշխատանքները նուիրեցին իրենց թանկագին մայրերուն:
Փակման խօսքն ու աղօթքը արտասանեց Սուրբ Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն քհնյ. Վասիլեան, որ դրուատեց աշակերտներուն յաջող կատարումները՝ իր կարգին մայրութեան զոհաբերումի եւ անհուն սիրոյ մասին գեղեցիկ դրուագ մը մէջբերելով:
Ծնողները անխառն երջանկութեամբ մեկնեցան սրահէն՝ գնահատելով Հայ դպրոցն ու հայեցի դաստիարակութիւնը, զորս ըմբոշխնեցին այդ յետմիջօրէին:
Այս մէկը լաւագոյն նախատօնակը հանդիսացաւ Մայրերու Օրուան, որ պիտի նշուէր ոչ միայն Մայիսի երկրորդ Կիրակի օրը, այլ՝ ամբողջ տարուան ընթացքին:
Ապրի՛ն հայ մայրերը.
Ապրի՛ն մեր սիրասուն փոքրիկները, որոնք Մայրերու տօնի նախօրեակին իրենց լաւագոյնը ձօնեցին հայ մայրերուն:
(Թղթակցութիւնը Վարժարանէն)