ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հինգշաբթի, Մայիս 9ին, Համբարձման տօնը մեծ հանդիսութեամբ նշուեցաւ Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ:
Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ եւ մասնակցութեամբ Մեծագոյն Լոս Անճելըսի շրջանի հոգեւորականներու, Ս. պատարագը մատոյց Քրեսենթա հովիտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Աբովեան:
Պատարագի աւատին, սրբազան հայրը հոգեւորականներու, սարկաւագներու եւ հաւատացեալներու թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ կից գտնուող «Տաղլեան» սրահը, որ լեցուն էր հաւատացեալներով:
Առաջնորդարանի բարերարուհի Ռոզ Քէչոյեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած Համբարձման տօնախմբութիւնը կազմակերպուած էր Համբարձման յանձնախումբին կողմէ: Սրբազան հայրը երախտագիտութիւն յայտնեց Ռոզ Քէչոյեանին՝ իր երկար տարիներու հաւատարիմ օժանդակութեան համար, առաջնորդարանի ձեռնարկներուն եւ հոգեւոր առաքելութեան ընդմէջէն: Առ ի գնահատութիւն այդ ծառայութիւններուն, սրբազան հայրը Ռոզ Քէչոյեանին նուիրեց ձեռագործ հայկական գորգ մը, որուն վրայ դրոշմուած էր Շուշիի Ղազանչեցոց տաճարը:
Սրբազանը իր խօսքին մէջ նոյնպէս իր գնահատութիւնը յայտնեց Համբարձման յանձնախումբին՝ ատենապետութեամբ Հերմինէ Ճանոյեանի, որ բծախնդրութեամբ կը կազմակերպէր Համբարձման յաջող ձեռնարկը եւ կէսօրուան ճաշը: Առ ի գնահատութիւն իր մատուցած նուիրեալ ծառայութիւններուն, սրբազանը խորհրդանշական նուէր մը յանձնեց Հերմինէ Ճանոյեանին:
Ճաշէն ետք գործադրուեցաւ մշակութային յայտագիր, որ կը բովանդակէր աւանդական հայկական երգեր եւ պարեր:
Յայտագիրի աւարտին սրբազանը կատարեց ոգեւորիչ փակման խօսքը, որուն մէջ շեշտեց Համբարձման տօնին իմաստը՝ վերանորոգելու եւ զօրացնելու մեր նախնիներուն Քրիստոնէական հաւատքը եւ մեր հոգիներուն մէջ թրծելու կամքը, կարգապահութիւնը եւ յանձնառութիւնը՝ Յիսուսի Քրիստոսի հոգեւոր պատգամներուն: Ապա կատարուեցաւ փակման աղօթքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.