ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նի-ուզ».– Հայաստանի ոստիկանութեան պատուիրակութիւնը՝ ոստիկանութեան պետ, զօր. Վլադիմիր Գասպարեանի գլխաւորութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ունեցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն, որուն ներկայ եղած են Լեռնային Ղարաբաղի ոստիկանութեան պետ Կամօ Աղաջանեանը, ոստիկանութեան ղեկավար կազմը, ծառայութիւններու եւ ստորաբաժանումներու պատասխանատուները: Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են երկու իրաւապահ կառոյցներու աշխատանքի առաւել սերտացման, ծառայութեան որակի բարելաւման ու յանցագործութեան դէմ պայքարի արդիւնաւէտութեան բարձրացման նպատակով ծաւալելիք գործունէութիւնները։
Հայաստանի ոստիկանութեան պատուիրակութեան անդամները իրենց արցախցի գործընկերներուն նուիրած են Պետական պահպանութեան ծառայութեան գունդի յատուկ գումարտակի համազգեստներ եւ նոյն տարբերանշաններով ինքնաշարժներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.