ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ապրիլ 7ին, աւելի քան 200 հոգի ներկայ էր Այնթապի հերոսամարտի 93րդ ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկին, որ կազմակերպուցեաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Այնթապի հայրենակցական միութեան կողմէ եւ տեղի ունեցաւ Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Միութեան վարչութեան ատենապետ Հերըլտ Տեմիրճեանը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգներուն կատարումը՝ մասնակցութեամբ ներկաներուն: Նաեւ յիշատակի տուրք մատուցուեցաւ վերջերս Հայաստանի մէջ մահացած յայտնի արուեստագէտ Յակոբ Յակոբեանին, որ Երեւանի Այնթապցիներու միութեան պատուոյ ատենապետն էր: Ապա, Հարաւային Քալիֆորնիոյ Այնթապի հայրենակցական միութեան վարչութեան փոխատենապետ Սարգիս Պալմանուկեան կարդաց այս առիթով Երեւան յղուած ցաւակցագիրը, որմէ ետք ներկաները պահ մը յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Յակոբ Յակոբեանի ու այնթապցիներու պատիւը պաշտպանելու պայքարած բոլոր հայերուն յիշատակը:
Ապա, այնթապցիներու երրորդ սերունդի ներկայացուցիչ մը՝ իրաւաբան Ալին Խանճեան, ստանձնեց բեմը՝ իբրեւ ձեռնարկի հանդիսավար: Իր սահուն հայերէնով ներկաները հմայելով՝ հանդիսավարը նախ օրուան բանախօս Սարգիս Մահսէրէճեանը ներկայացուց, ապա՝ զայն բեմ հրաւիրեց:
Բանախօս Մահսէրէճեան ոգեւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ՝ մատնանշելով Այնթապի եւ այլ հերոսամարտերուն ունեցած գօտեպնդիչ դերակատարութիւնը հայութեան կեանքին մէջ:
Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինով ելոյթներ ունեցան տաղանդաւոր երգիչներ Ռաֆֆի Քեպապճեան եւ Թագուհի Արզումանեան, իսկ «Տաւիղ» պարախումբը հայկական ժողովրդային պարերով խանդավառեց ներկաները:
Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան օրհնեց այնթապցի հերոսներուն յիշատակը եւ աղօթքով փակեց ձեռնարկը, որմէ ետք Յարութիւն Կարապետեանի առաջնորդութեամբ եւ Անի Ապաճեանի կողմէ դաշնակի ընկերակցութեամբ երգուեցաւ Այնթապի հերոսամարտին նուիրուած երգը:
Ձեռնարկի աւարտէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ Այնթապի հայրենակցական միութեան վարչութեան ատենապետ Հերըլտ Տեմիրճեան յոյժ կարեւոր կը նկատէ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման ձեռնարկներուն զուգահեռ՝ տօնենք նաեւ այնթապցիներու հերոսամարտը՝ նոր սերունդին փոխանցելով արդարութեան համար պայքարելու մարմաջը:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ Այնթապի հայրենակցական միութիւնը հաստատուած է 1991ին: Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 783-7368 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.