
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Պատրա՞ստ էք խնդալու: Եթէ պատրաստ էք, ապա պէտք է ներկայ գտնուիք Վահէ Պէրպէրեանի նոր մենախօսութեան՝ «Եթէ»ին, որ պիտի ներկայացուի Յունիս ամսուան ընթացքին, ամէն Հինգշաբթի, Կլենտէյլի «Beyond the Stars Palace»ի մէջ:
Գրեթէ հինգ տարի անցած է «Սակայն»ին վրայէն եւ Պէրպէրեան խանդավառ է իր նոր մենախօսութեամբ: «Նկարչութիւնը, գրելը եւ թատրոնը շատ կը սիրեմ, բայց առանցին բեմ բարձրանալուն մէջ բոլորովին տարբեր զգացում մը կայ: Տարօրինակ զօրութիւն մը կը զգամ, որովետեւ չես կրնար երեւակայել որքա՛ն դժուար բան է մինակդ բեմ ելլելն ու մէկուկէս ժամէն աւելի մարդ խնդացնելը: Եթէ ձախողեցար, ուրիշ մէկը չես կրնար այպանել, պատասխանատուն դուն ես, իսկ եթէ յաջողեցար՝ հոյակապ կը զգաս», կը բացատրէ Պէրպէրեան, աւելցնելով, որ իրեն համար մենախօսութիւն գրելը նոր թատերախաղ գրելէն աւելի դժուար է:
«Եթէ»ն Պէրպէրեանի հինգերորդ մենախօսութիւնն է: Ան իր նախկին մենախօսութիւնները՝ «Եւայլն»ը, «Նաեւ»ը, «Տակաւին»ը եւ «Սակայն»ը, ներկայացուցած է 25է աւելի տարբեր քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Երեւան, Պէյրութ, Հալէպ, Պոլիս, Փարիզ, Սիտնի, Կիպրոս, Ժընեւ, եւ այլն:
«Եթէ»ի թեմային մասին խօսելով՝ Պէրպէրեան կ՛ըսէ, թէ այս անգամուան նիւթը առաւելաբար անձկութեան (anxiety) մասին է, եւ ինչպէս միշտ, ան կը փորձէ «հիւմոր» տեսնել անձնական, ընկերային, հասարակական եւ ազգային հարցերու մէջ՝ բոլորը անուղղակիօրէն իրարու կապելով:
«Եթէ»ի արտադրիչ Քրիսթինա Շիրինեանը իր կարգին կը յայտնէ, թէ որոշուած է ներկայացումները «Stars»ի մէջ կատարել, սրահին թատերական յարմարութիւններուն համար, սակայն նախորդներուն նման, այս անգամ ալ հանդիսատեսը հանգիստ, սեղաններու շուրջ պիտի նստի: Նկատի առնելով, որ աթոռները թուագրուած են՝ Շիրինեան կը յանձնարարէ, որ հանդիսատեսները կանուխ գան եւ իրենց տեղերը գրաւեն, ներկայացումէն առաջ խմիչք մը առնելու եւ հանգստանալու համար:
Սրահին դռները կը բացուին ժամը 7:30ին եւ ներկայացումը կը սկսի ժամը 8:30ին: Ձեր տոմսերը ապահովելու համար կրնաք հեռաձայնել (818) 667-7993 թիւին, կամ այցելել www.itsmyseat.com/yete կայքէջը: