
ԼՈՍ ՖԵԼԻԶ.- Ամէն տարի, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ կը մեծարէ իր ընտրատարածքէն ներս յատկանշական ներդրումներ ունեցած շարք մը կիներ՝ անոնց շնորհելով «Տարուան կին»ը կոչումը: Այս տարի, 13 այլ կիներու կողքին, «Տարուան կին»ը հռչակուած է նաեւ դոկտ. Արմինէ Յակոբեան: Անոնց մեծարման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Ապրիլ 22ին, Լոս Ֆելիզի մէջ: Քոնկրեսական Շիֆ նաեւ մեծարեալներու իրագործումներուն մասին յայտարարութիւններ կատարած է Ներկայացուցիչներու տան մէջ. անոնք պիտի պահուին Քոնկրեսի արխիւներուն մէջ:
Դոկտ. Արմինէ Յակոբեանի մասին գրելով՝ Շիֆ նշած է, թէ մեծարեալը ժրաջան աշխատանք տարած է իր համայնքի բարօրութեան համար, միաժամանակ յիշելով, թէ ան զաւակն է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողի մը, որ իր զաւակներուն մէջ սերմանած է ուսման նկատմամբ սէրը: Ան գրած է, թէ 2001էն ի վեր մեծարեալը Կլենտէյլի Համայնքային համալսարանի հոգաբարձութլան անդամ է եւ ներկայիս հոգաբարձութեան ատենապետն է՝ համալսարանի բարգաւաճման ծրագիրներուն մէջ տպաւորիչ ներդրումներ ունենալով:
Շիֆ աւեցուցած է, թէ վերջին երկու տասնամեակներուն, դոկտ. Արմինէ Յակոբեան ապահով բնակավայրեր գտած է նաեւ բռնաբարուած եւ ընտանեկան բռնութեանց զոհ գացած կանանց եւ աղջիկներու համար՝ յիշեցնելով, թէ ան նաեւ կրթական մարզին մէջ երկար տարիներու փորձառութիւն ունի՝ կրթական մարզին մէջ զանազան պատասխանատու պաշտօններ ստանձնելով, իբրեւ բաժանմունքի պատասխանատու, խորհրդատու, ուսուցիչ եւ համակարգող:
Երկուշաբթի, Ապրիլ 22ին տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին մեծարեալներէն մէկը եղած է նաեւ Լոս Ֆելիզէն Նայլա Արսլանեանը, որ Լոս Անճելըսի մէջ արուեստներու եւ մշակութային զբօսաշրջութեան տարածման աշխատանքին մէջ յատկանշական ներդրումներ ունեցած է: Ան իր ամուսնոյն՝ Օսքար Արսլանեանի հետ, սեփականատէրն է «Արսլանեան էնտ Ըսոշիէյց» հիմնարկին, եւ խմբագիրը՝ «Տիսքավըր Հոլիվուտ» թերթին: 1984էն ի վեր, ստանձնած է Հոլիվուտի արուեստներու խորհուրդի նախագահի պաշտօնը՝ կազմակերպելով զանազան ձեռնարկներ: