
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Վանաձորի Արցախ պուրակին մէջ քանի մը տասնեակ քաղաքացիներ բողոքի ցոյց կատարած են՝ կազի գինի բարձրացման դէմ: Անոնք երթով ուղղուած են դէպի Լոռիի մարզպետարան՝ պահանջելով հանդիպում Լոռիի մարզպետ Արթուր Նալբանդեանի հետ: Այս մասին հաղորդած է «Ա1 փլիւսը»:
Բնակիչներուն հետ տեսակցելու համար ներկայացած է մարզպետի տեղակալը, սակայն բողոքի մասնակիցներուն պահանջով եկած է նաեւ մարզպետ Արթուր Նալբանդեանը:
Բողոքի ցոյցին ներկայ եղած են նաեւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան Վանաձորի ներկայացուցիչները՝ կուսակցութեան ղեկավար Գառնիկ Սահակեանի գլխաւորութեամբ:
Արթուր Նալբանդեանը կազի երթի մասնակիցներուն յայտնած է, որ ինք եւս մտահոգ է այս հարցով՝ աւելցնելով, որ բայց եւ այնպէս ոչինչ կրնան ընել իրենք։
«Դեռ պարզ չի, թէ որքան կը բարձրանայ գազի գինը», յայտնած է մարզպետը: