ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ», «Նիուզ».– Մարտունիի զօրամասին մէջ 16 Մայիսին ժամկէտային զինուորական ծառայող Միշա Խուդաւերդեանը կրակած է պայմանագրային զինուարական ծառայող Կամօ Աւագեանի եւ այլ զինուորի ուղղութեամբ: Տուժողներ չկան։
Ըստ «Թերթ»ին, վերջինս սպայ է, եւ Միշա Խուդաւերդեանին բարկացուցած է՝ յայտնելով, որ ան մաքրութիւնը չպահպանելու գծով զեկուցագիր պիտի ներկայացնէ հրամանատարին:
Պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութեան հասարակութեան հետ կապերու աւագ սպայ Մերի Սարգսեանը հաստատելով տեղեկութիւնը՝ յայտնած է, որ այս առնչութեամբ յարուցուած է քրէական գործ՝ Հայաստանի Քրէական օրէնսգիրքի 34-104 յօդուածի 1ին մասի յատկանիշներով՝ սպանութեան փորձ:
Միշա Խուդաւերդեան ձեբակալուած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.