ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 20 Մայիսին Մայր Աթոռի մէջ գումարուած է Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական-աստուածաբանական խորհուրդի հերթական նիստը, որուն ընթացքին քննարկուած են միջեկեղեցական, հասարակական եւ ներեկեղեցական տարաբնոյթ հարցեր:
Զեկոյցով հանդէս եկած է Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Յովակիմ եպս. Մանուկեանը՝ տեղեկացնելով 2013ի Յուլիսին Պուտափեշթի մէջ կայանալիք Եւրոպական եկեղեցիներու համագումարին 14րդ եւ Նոյեմբերին Պուսանի մէջ կազմակերպուելիք Եկեղեցիների համաշխարհային խորհուրդի 11րդ համաժողովներուն գումարման մասին: Քննարկուած են հայաստանեայց եկեղեցւոյ պատուիրակութեան կազմին ու ժողովներուն առաջադրուած նիւթերու վերաբերեալ հարցեր եւ յստակեցուած են ընդհանուր մօտեցումներ:
Խորհուրդը լսած է նաեւ Մայր Աթոռի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Գէորգ եպս. Սարոյեանի զեկոյցը՝ 16 Մայիսին Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի եւ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Մոսկուայի հոգեւոր ակադեմիոյ միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին վերաբերեալ: Խորհուրդի անդամները ողջունած են համաձայնագիրի ստորագրութիւնը՝ գոհունակութիւն յայտնելով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ միջեւ խորացող համագործակցութեան համար։
Խորհուրդը նաեւ անդրադարձած է 10-11 Մայիսին, Երեւանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած «Եկեղեցի-պետութիւն փոխյարաբերութիւնների մոդելները. ժամանակակից միտումներ» միջազգային գիտաժողովին: Արձանագրուած է, որ գիտաժողովի կազմակերպիչներուն կողմէ Մայր Աթոռին պաշտօնական հրաւէր չէր յղուած՝ մասնակցելու գիտաժողովին, դատապարտելի նկատելով այս առնչութեամբ կազմակերպիչներուն կողմէ ապատեղեկատուութեան տարածումը: Խորհուրդը նաեւ ապակառուցողական նկատած է այն, որ կազմակերպիչները գիտաժողովի գումարման աշխատանքներուն առումով չեն գործակցած հայ եկեղեցւոյ հետ, երբ գիտաժողովին մէջ ընդգրկուած էին նիւթեր, որոնք ուղղակիօրէն կ՛առնչուէին եկեղեցւոյ: Աստուածաբանական խորհուրդը անընդունելի նկատած է նաեւ գիտաժողովին ընթացքին հնչած միակողմանի գնահատումներն ու ոչ առարկայական տեսակէտները, որոնք չեն կրնար նպաստել երկրի հոգեւոր-կրօնական կեանքին մէջ համերաշխ եւ գործակցային մթնոլորտի ձեւաւորման եւ լուրջ մարտահրաւէր պիտի դառնան Հայաստանի մէջ՝ խղճի ազատութեան իրաւունքի յարգման ուղիին վրայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.