
ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ռոյթըրզ», «Ազդակ».- Երեքշաբթի, Մայիս 21ին, Թրիփոլիի մէջ գրեթէ ամբողջ օրուան ընթացքին տիրած զգուշաւոր հանդարտութենէն ետք, բախումները վերստին բռնկեցան յետմիջօրէին, քաղաքի Պապ Թըպպանէ եւ Ժապալ Մըհսեն շրջաններուն միջեւ, որոնք աւելի ուշ վերածուեցան փոխադարձ ռմբակոծումներու դաշտ:
Թրիփոլիի մէջ գտնուող լիբանանեան բանակի զրահապատներէն քիչ անդին կանգնած էին զինեալները, որոնք կը շարունակէին իրենց կրակոցները:
Թրիփոլիի անցուցած արիւնալի գիշերէն ետք, երբ բանակը յաջողեցաւ դիրքաւորուիլ Պապ Թըպպանէի կարգ մը թաղերուն մէջ, դարձեալ բռնկեցան բախումները եւ պատճառեցին զոհեր, վիրաւորներ եւ քանդում:
Արձակազինութեան պատճառով վիրաւորուեցան նաեւ բանակի երկու զինուորներ:
Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը յայտնած էր, թէ Պապ Թըպպանէի կողմէ սկսած կրակոցներուն պատճառը Սուրիոյ Քուսէյր քաղաքին մէջ տիրող ճակատամարտն է՝ աւելցնելով, որ իրենք պիտի չհակադարձեն, այնքան ատեն, որ բանակը կը պաշտպանէ զիրենք:
Սակայն աւելի ուշ, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ յայտարարեց, թէ Ժապալ Մըհսեն լուռ պիտի չմնայ եւ պիտի հակադարձէ կրակոցներուն ու ռմբակոծումներուն, բաւական երկար համբերելէ ետք:
Կուսակցութեան բանբերը նաեւ յայտարարեց, թէ Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը հանրապետութեան նախագահին պատասխանատուութիւնն է: Ան աւելցուց, որ իրենք լիբանանեան բանակին դէմ չեն լարուած, սակայն Ժապալ Մըհսենի մէջ եւս կան բնակիչներ, որոնք ահ ու սարսափի մատնուած են: Ան շեշտեց, որ իրենք պիտի ենթարկուին բանակի հրահանգներուն:
Միւս կողմէ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայէզ Ղոսըն զգուշացուց հիւսիսային Լիբանանի մէջ տիրող վտանգաւոր կացութենէն եւ ապահովական խախտումներէն, որոնք ամբողջ երկրին ապահովական կայունութիւնը կը խախտեն: Ղոսըն շեշտեց, որ բանակը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ պահպանելու համար երկրին ապահովութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը: Ան ընդգծեց, որ բանակին դէմ յարձակումը խստիւ դատապարտելի է եւ քննադատեց նաեւ բանակին դէմ կատարուած ցեխարձակումներն ու գրգռիչ յայտարարութիւնները:
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ խստիւ քննադատեց այս պայմաններուն տակ ընտրական օրէնքի մշակման համար երեսփոխանական սեղմ յանձնախումբին աշխատանքները՝ հարց տալով. «Թրիփոլիի մէջ կարելի չէ ֆութպոլի մրցում մը կազմակերպել, ապա ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել»: Ան եւս դատապարտեց բանակին դէմ կատարուած յարձակումները:
Բախումները շարունակուեցան նաեւ Չորեքշաբթի օր՝ առնուազն մէկ զոհ եւս խլելով, մինչ բանակը կը փորձէր ճակատող կողմերուն միջեւ զինադուլի համաձայնութիւն գոյացնել:
Թրիփոլիի մէջ վերսկսած նորագոյն բախումները վերջին հինգ օրերուն ընթացքին ցարդ առնուազն 13 զոհ խլած են: Վիրաւորուած են 120 ուրիշներ: