
ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 4 Յունիսին ընդունած է օփերային աշխարհահռչակ երգչուհի Մոնսերաթ Քապալիէն: Նախագահ Սահակեան ողջունելով նշանաւոր արուեստագէտին այցելութիւնը՝ դիտել տուած է, որ նման անձնաւորութիւններու համագործակցութիւնը մեծապէս կը նպաստէ Արցախի մէջ մշակոյթի զարգացման:
Մոնսերաթ Քապալիէ նշած է, որ Արցախ եկած է որպէս ՄԱԿի խաղաղութեան դեսպան: Աշխարհահռչակ երգչուհին շեշտած է, որ իրեն համար մեծ նշանակութիւն ունի քրիստոնէական ժառանգութիւնը եւ ինք տեղեակ է Արցախի հարուստ քրիստոնէական անցեալին եւ բացառիկ եկեղեցիներուն մասին: