Կիրակի, Մայիս 19ին, յաւարտ Ս. պատարագի, լեռնային բնաշխարհի եւ լեռնագնացութեան սիրահարները ժամադրուած էին Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, լսելու համար տոքթ. Յարութիւն Արմէնեանի «Ապրիլ լեռներու հետ. Արարատէն մինչեւ Լուքընզ» խորագրեալ դասախօսութիւնը, որ կազմակերպուած էր Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ:
Հանդիսավար Պերճ Զատոյեան, յանուն դաստիարակչական յանձնախումբին, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ունկնդիրներուն՝ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Հայաստանի նախագահական «Մովսէս Խորենացի» եւ Լիբանանի կառավարական «Մայրիներու» պատուաբեր շքանշաններուն արժանացած տոքթ. Արմէնեանը՝ դրուատելով անոր ակադեմական, մանկավարժական եւ ազգային-հասարակական լայնածաւալ ու շնորհակալ գործունէութիւնը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայաշատ գաղութներու մէջ, ի մասնաւորի Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու: Ան, որպէս Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նախագահ, առաջատար դեր եւ մեծ ներդրում ունեցած է ժամանակակից ուսումնական ծրագիրներու մշակման շնորհակալ գործին մէջ:
Հանդիսավարը աւելցուց ըսելով, որ աւելի քան 100 գիտաշխատութիւններու եւ 20 գիրքերու հեղինակ դասախօսը եւ կողակիցը՝ Սոնան, փորձառու լեռնագնացներ են եւ բնութեան ջերմ սիրահարներ. ապա հրաւիրեց զայն՝ սկսելու համար անհամբեր սպասուած դասախօսութիւնը:
Տոքթ. Արմէնեան նպատակայարմար գտաւ պատմողական մեթոտով ներկայացնել դասախօսութիւնը եւ զայն զուգորդեց վաւերագրական խտասալիկներու հետ:
Նախքան Արարատ լեռ բարձրանալու մասին արտայայտուիլը, ան խօսեցաւ լեռնագնաց խումբին անցուցած փորձնական մագլցումներուն մասին, զորս կատարած են 3600 մեթր բարձրութիւն ունեցող՝ Սեւանայ լիճի շուրջ գտնուող Գեղամայ լեռներուն եւ անոնց բարձրագոյն գագաթը հանդիսացող Աժդահակ բարձունքին վրայ, հիացմունքով մատնանշելով այդ բարձունքի զգլխիչ բնական անկրկնելի տեսարանները՝ Արարատ, Արագած եւ Հատիս լեռներու ընդգրկումով:
Ապա ան հետաքրքրական ոճով պատմեց իրենց յաղթահարած Արայի լեռներուն, Սիսիանի Ուխտասարին, Բճնիի լեռներուն վրայ անմխիթար վիճակի մէջ գտնուած «Հաւուց թառ» վանքին եւ հայկական լեռնաշխարհի այլ բարձունքներու մասին, որոնք ոչ միայն գեղագիտական հաճոյք կը պատճառեն, այլ ներշնչանքի աղբիւր են արուեստներու բնագաւառին մէջ երկնող նկարիչին, քանդակագործին, բանաստեղծին եւ երաժիշտին:
Յարգելի դասախօսը այստեղ ցոյց տուաւ նման մէկ ներշնչանքի պահուն իր նկարած տեսարանը եւ կարդաց թուղթին յանձնած իր մէկ գրութիւնը.
«Անցեալը հոս սառ է կազմած:
Օրուան մէջ վառ արեւին, մակերեսը կը կակուղնայ քիչ մը,
Գիշերուան մրրիկին ետ քարանալու համար»:
Ապա ան մանրամասնօրէն նկարագրեց իրենց խիզախ եւ յաղթական մագլցումը Արարատ լեռ, անոր գագաթին ճօճելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան Եռագոյնը՝ հայու արդար հպարտութեամբ:
Այնուհետեւ, տոքթ. Արմէնեան կանգ առաւ Թանզանիոյ Քիլիմանճարօ եւ Լոս Անճելըսի Լուքընզ լեռներուն վրայ, ինչպէս նաեւ Փերուի «Մաչու Փիչու»ի «Սալքանթէյ» արահետին մէջ իրենց արկածախնդրութեանց վրայ: Ան իր դասախօսութիւնը աւարտեց պատասխանելով իր իսկ առաջադրած հարցումներուն՝ «ինչո՞ւ պէտք է մասնակցինք լեռնագնացութեան», «ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս», ու ցոյց տուաւ այս մարզաձեւի առողջապահական անվիճելի օգուտները, բնութեան ստեղծած մաքուր մթնոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ ընկերային կեանքի հաճոյքն ու նոր բարեկամներ ունենալու հնարաւորութիւնը, գեղագիտական իւրայատուկ հաճոյքը եւ ի վերջոյ՝ անոր ներշնչանքի աղբիւր ու ստեղծագործ աշխատանքի խթանիչ ուժ ըլլալը: Ապա աւարտեց խօսքը Հայաստանի հայրենակիցներուն իր ուղղած խօսքերով, երբ կը պատրաստուէր բարձրանալու Մասիս սարը. «Երթաք բարով, վերադառնաք Մասիս սարով»:
Դասախօսութեան աւարտին, դասախօսը մեծ սիրով եւ համբերութեամբ պատասխանեց ունկնդիրներու հարցումներուն:
Խորին շնորհակալութիւններ տոքթ. Յարութիւն Արմէնեանին, իր հետաքրքիր եւ շահեկան դասախօսութեան համար: Անսպառ եռանդ Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբի ձեռներէց անդամներուն՝ շարունակելու համար այս դաստիարակիչ, օգտաշատ եւ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացնող դասախօսութիւններու շարքը:
(Թղթակցութիւնը՝ եկեղեցիէն)