ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».– Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին նախաձեռնութեամբ պիտի գործէ «Ցեղասպանագիտութիւն» մագիստրոսական ծրագիր: «Եռագոյն» կայքէջը այս մասին տեղեկութիւն քաղած է համալսարանի կայքէջէն:
Ծրագիրի ընդունելութիւնը սկսած է 20 Մայիսին: Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկը՝ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աջակցութեամբ կը յայտարարէ, որ կ՛ընդունի նաեւ սփիւռքահայ դիմորդներ:
Յայտարարութեան համաձայն, մուտքի քննութիւնը յաջողութեամբ յանձնած սփիւռքահայ դիմորդները պիտի ուսանին պետական պատուէրով՝ անվճար:
Դասաւանդուելիք նիւթերը պիտի վերաբերին Հայոց Ցեղասպանութեան պատմագիտական, ընկերային–հոգեբանական, միջազգային իրաւունքի, միջազգային յարաբերութիւններու, մշակութաբանութեան, լեզուագիտական ոլորտներուն: Մանրամասնութիւններուն համար կարելի է գրել masters@armin.am հասցէին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.