ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Կարկտահարութեան պատճառով ծիրանը այս տարի կորսնցուցած է իր տեսքը եւ արտածման պիտանի չէ: 12 Յունիսին Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին այս մասին յայտնած է Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեանը՝ կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին պատասխանելով Օրինաց Երկիր կուսակցութեան անդամ Յովհաննէս Մարգարեանի հարցումին։
Սակայն նախարարը հաստատած է, որ վերամշակող ձեռնարկութիւնները անպայման պիտի մթերեն վնասուած ծիրանը՝ աւելցնելով, որ արդէն նշած են այդ մասին: Ան յատուկ կերպով յիշած է «Նոյեան» ընկերութիւնը, որ կը գտնուի Արմաւիրի մարզին մէջ, եւ որ այս տարի պիտի մթերէ 3000 թոն ծիրան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.