ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Իր տեսակին մէջ մեծապէս գնահատելի եւ հայ մշակութասէր հասարակութեան հայ արուեստի պապակը գոհացնող, բոլորին գուրգուրանքին եւ գնահատանքին արժանի երեկոյ մըն էր Կիրակի, Յունիս 9ի երեկոյեան ժամը 6:30ին, Հոլիվուտի հանրայայտ «Dolby Theatre» սրահին մէջ Սուրիահայութեան օժանդակութեան ֆոնտին (SARF) հովանաւորութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկը, որ նուիրուած էր նիւթական օժանդակութիւն ապահովելու համար Սփիւռքի մայր գաղութին՝ սուրիրահայութեան:
Համաժողովրդային մեծ խանդավառութեամբ պսակուեցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ էին գաղութի հոգեւոր, քաղաքական եւ մշակութային միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներն ու աւելի քան երեք հազար հայորդիներ, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ, շուրջ երեք ժամուան ընթացին ապրեցան հայ երգի ու պարի տոհմիկն ու աւանդը եւ այս ձեւով իրենց դրական ներկայութեամբ եւ ստեղծուած մթնոլորտին ընդմէջէն փոխանցեցին իրենց սէրն ու գուրգուրանքը սուիրահայ իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն:
Օրուան յայտագիրը ձեռնհասօրէն վարեց հանդիսավար Մանուկ Սէրայտարեանը: SARF-ի անունով իր սրտի ոգեւորիչ խօսքերը փոխանցեց նշեալ օժանդակ մարմինի ատենապետ Զաւէն Խանճեանը:
Ապա ղեկավարութեամբ Վարդան եւ Սիրանոյշ Գէորգեաններուն, յայտագիրի երկու անջատ բաժիններով յաջորդաբար ելոյթ ունեցան գաղութիս հանրածանօթ «Գէորգեան պարի ակադեմիա»ի աւելի քան երեք հարիւր անդամ-անդամուհիները՝ փոքրերէն մինչեւ պատանիներ, հայկական զանազան պարերով, ինչպէս նաեւ՝ նոյն ակադեմիայի պարուսոյցներէն Սոնա Գէորգեանը ու հայրենի հանրայայտ արուեստագէտ երգիչ-երգչուհիներ Լէյլա Սարիբէկեան, Անտրէ ու Սիլվա Յակոբեան:
Նոյնպէս, սիրայօժար մասնակցութեամբ յայտագիրին իրենց արդար բաժինները բերին գաղութիս արուեստագէտներէն եւ երգիչներէն Ռազմիկ Մանսուրեան, Յարութ Փամպուքճեան, Յովհաննէս Շահպազեան, Ռուբէն Յարութիւնեան, Արմէնչիք, Արամ Աւագեանն ու իր երաժշտական սթիւտիոյի անդամները:
Ներկաներուն եւ բեմի վրայ ու ետին իրենց խոնջէնքը բերող բոլոր արուսետագէտներուն մօտ ցանկութիւնն ու բաղձանքը նոյնն էին, որովհեետւ բոլորն ալ հաւատացած էին իրենց գործնական աշխատանքին:
Նոյնպէս գեղեցօրէն պատրաստուած ու հանդիսատեսին հրամցուած օրուան գրքոյկի էջերէն կը յայտնաբերուէր հպարտանք առթող օրուան ձեռնարկը հովանաւորողներուն եւ բարերարներուն անունները, որոնք ազգային գիտակցութենէ մղուած նուիրաբերած էին՝ երախտապարտ թողելով SARF-ն ու համայն սուրիահայ գաղութը:
Մեծապէս գնահատելի ու ծափահարելի է տեսնել, թէ SARF-ը ունի իր սրբազան առաքելութիւնը, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ այս օրերուն գործնական եւ արագ ձեւով հասնիլ սուրիահայութեան:
Կարելի է հպարտօրէն արձագանգել, թէ սոյն ձեռնարկէն գոյացաւ աւելի քան 100,000 տոլար գումար մը:
VOGHCHOUNELI E VARTZGERNIT GADAR!