
ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- Կիրակի, Մայիս 23ին կայացած հանդիսութեան մը ընթացքին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) պատուոյ դասակարգի դասաւանդումներու լաւագոյն ուսուցիչի «Եուճին Ուեպըր» մրցանակը շնորհուած է համալսարանի պատուոյ դասախօսներէն՝ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին, պատուոյ դասակարգի դասաւանդումներու զարգացման մէջ անոր կարեւոր ներդրումին համար:
Շեշտուեցաւ այն իրողութիւնը, որ ուսանողները շարունակաբար դրուատած են փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի ներդրումները, յատկապէս՝ բաղդատական ցեղասպանագիտութեան դասաւանդումներու ընթացքին: