ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- ՀԲԸՄի «2013ի կեդրոնացում»ը այս տարի առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ, Սան Ֆրանսիսքօ, Օգոստոս 1էն 4, իրարու քով բերելով երիտասարդ հայ արհեստավարժներ՝ ընկերային ճոխ հաւաքոյթներով եւ կարծիքներու փոխանակումի հետաքրքրական առիթներ ստեղծելով:
Այս տարուան ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի հայ երիտասարդներու յատուկ՝ ՀԲԸՄի «Յաջորդ սերունդ» (Generation Next) խորհրդատուական նախաձեռնութեան:
Վերջին 12 տարիներուն ընթացքին, ՀԲԸՄի կողմէ կազմակերպուած «կեդրոնացում»ները ի մի բերած են աւելի քան 2500 երիտասարդ հայ արհեստավարժներ: Ցարդ այս հաւաքները տեղի ունեցած են Նիւ Եորքի (2001, 2007), Մայամիի (2005), Շիքակոյի (2009) եւ Փարիզի մէջ (2011):
Մասնակցութեան մանրամասնութեանց համար, այցելել www.agbufocus.org կայքը կամ դիմել (212) 319-6383 թիւին ու focus@agbu.org հասցէին, իսկ «Յաջորդ սերունդ» խորհրդատուական ծրագիրին մասին տեղեկութեանց համար՝
www.agbugennext.org կայքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.