ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, Մարսէյի «Գերազանցութեան շաբթուան» աւարտին՝ Շաբաթ, Յունիս 22ին, ժամը 14էն 19:30, նախքան փակման համար նախատեսուած մեծ ընթրիքը, Եւրոպայի հայկական կազմակերպութիւններուն ուղղուած փոքրիկ համագումար մը կազմակերպած է, որուն վերնագիրն է՝ «Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին ընդառաջ», եւ որուն հրաւիրած է կարգ մը կազմակերպութիւններ՝ առանց նախապէս խորհրդակցած ըլլալու Ֆրանսահայ ընկերակցութիւնները համակարգող խորհուրդին (CCAF) հետ: Այս վերջինս, հաղորդագրութեամբ մը կը յայտնէ, թէ պիտի չմասնակցի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած այս համագումարին՝ դժգոհելով անոր ինքնագլուխ նախաձեռնութենէն:
Ֆրանսահայ գաղութը կը տառապի հիւլէականացումէ, հաղորդակցութեան պակասէ, տեղեկատուութեան բացակայութենէ: Ամէն կազմակերպութիւն իրեն համար ստեղծած է ինքնիր միջավայրը, ունի իր համակիրները, իր գործունէութեան դաշտը: Ի բացառեալ քանի մը համագաղութային կ՛ազմակերպութիւններէ, հայկական միութիւններու ղեկավարութիւնը կը դժուարանայ ինքզինք վերանորոգելու, կը թերանայ սերնդափոխութեան, երիտասարդութեան հետ կամրջումի առաքելութիւններուն մէջ:
Բոլոր կազմակերպութիւններուն մէջ եզակի տեղ կը գրաւէ Ֆրանսահայ ընկերակցութիւնները համակարգող խորհուրդը (CCAF): Այն ինչ ժամանակին որոշ չափով եկեղեցւոյ վարչութիւնները կ՛ապահովէին, նախ «24 Ապրիլ» կոմիտէն, ապա, 2000ական թուականներէն սկսեալ, CCAF-ը՝ իբրեւ համակարգող խորհուրդ, այդ դերը ստանձնեց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.