«Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութեան փարիզեան մասնաճիւղը կը յայտարարէ, թէ շուրջ 35 տարի առաջ Վենեզուելլայի մէջ ծնունդ առած եւ անկէ ի վեր լայն ժողովրդականութեան արժանացած կարօտեալ երախաներու համար երաժշտութեան դասերու եւ այդ երախաները նուագախումբերու մէջ ընդգրկելու դրութիւնը կը հաստատուի նաեւ Հայաստանի մէջ «Սիսթեմա Արմէնիա» անուանումով, եւ կը դիմէ հանրութեան՝ նուագարաններու հանգանակութեան մը հրաւէրով:
Առաւել մանրամասն տեղեկութեանց համար հեռաձայնել Սեւանայ Չաքըրեանին՝ + 06 66 25 30 85 թիւին, կամ՝ նուիրատութեանց համար գրել sevana@sistemaarmenia.com հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.