
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը մեծ կարեւորութիւն կու տայ Երաժշտութեան օրուան կայացման: Հայաստան արդէն 6րդ անգամն ըլլալով կը մասնակցի այդ հրաշալի տօնին: Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռընօն՝ 20 Յունիսին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ Յիշեցնենք, որ Երաժշտութեան օրը տեղի կ՛ունենայ տարուան ամէնէն երկար օրը՝ Յունիս 21ին: Այս տարի անիկա նուիրուած ֆրանսացի նշանաւոր երգչուհի Էտիթ Փիաֆին։
Դիւանագէտը ընդգծած է, որ Ֆրանսան այս տօնը կը նշէ 32րդ անգամն ըլլալով՝ տեղեկացնելով, որ ձեռնարկին ծիրը պիտի ընդարձակուի այս տարի եւ ներառէ մեծաթիւ նոր մասնակիցներ։ «Երաժշտութեան նկատմամբ սէրը Հայաստանն ու Ֆրանսան միացնող գիծերէն է, որուն վկան ֆրանսահայ աշխարհահռչակ արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրի գործունէութիւնն է», ընդգծած է դեսպանը:
Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեան դիտել տուած է, որ նախարարութիւնը մեծ կարեւորութիւն կու տայ այս նախաձեռնութեան՝ զայն նկատելով ժողովրդավարական տօն, որ բարեբախտաբար, տեղի կ՛ունենայ ոչ միայն մայրաքաղաքին, այլ նաեւ մարզերուն մէջ։
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ «Օրանժ Արմէնիա»ի գլխաւոր տնօրէն Ֆրանսիս Ժելիպթերը ընդգծած է, որ ընկերութիւնը 4րդ անգամն ըլլալով կ՛աջակցի Երաժշտութեան տօնի կայացման: