
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Նախապէս տեղեկութիւններ փոխանցուած էին այն մասին, որ հայկական կողմին եւ «Գազպրոմ»ի միջեւ բանակցութիւններ կը կատարուին՝ «Հայռուսգազարդ»ին մէջ «Գազպրոմ»ի մասնաբաժինը 80 տոկոսէն 100 տոկոսի հասցնել-չհասցնելու առնչուած:
Ազգային ժողովի նիստէն ետք քանի մը լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան՝ անդրադառնալով այս հարցին յայտնած է. «Գիտէք, այսպէս կարելի է անվերջ զիջել, ճիշդ է՝ 20 տոկոսը որեւէ բան չէր տալիս, ոչ մէկի վրայ ազդեցութիւն չունէինք, եւ չգիտես ինչու այս տարիների ընթացքում այդ 20 տոկոսը որեւէ շահոյթ Հայաստանին չի տալիս: Սա նշանակում է հերթական անգամ մեր տնտեսութեան կարեւորագոյն ճիւղը նորից այլ երկրի տնտեսվարողներին յանձնել: Փաստը նա է, որ տարիներ շարունակ այս բանակցութիւնների արդիւնքում մենք տեսնում ենք, որ ոչ թէ մեր ինքնորույութիւնն է աճում, այլ հակառակը՝ նուազում է եւ այստեղ այլընտրանքներ ունենալու խն-դիր ունենք»:
Ա. Վարդանեան նկատել տուած է, որ մէկ տարուան համար համաձայնագիրը ստորագրուած է, եւ մէկ տարի ետք կրկին նոյն հարցին դէմ յանդիման կը գտնուինք։
«Տարօրինակ եւ ինչ որ տեղ անհասկանալի է. գազի գները բարձրացուեցին, կառավարութիւնը խօսեց 30 տոկոս սուբսիդաւորման մասին, արդէն յանձնաժողովը որոշումը կայացրել է եւ որեւէ մէկը յօդաբախշ չգիտի, թէ ինչպէս է կատարուելու այդ սուբիսադաւորումը, դա սխալ ընթացակարգ է, առանց խնդիրներների լուծման մեխանիզմը հասկանալու գործընթանցներ չեն իրականացնում»:
Միւս կողմէ ալ, ըստ Վարդանեանի, կառավարութիւնը թէեւ ամէն անգամ կը փորձէ մեղմացնել ընկերային տագնապալի վիճակի մէջ եղողներուն կացութիւնը՝ որոշակի փոխհատուցումներով, բայց խորքին մէջ հարցերը շատ աւելի մեծ են, որովհետեւ աղքատներուն թիւը աւելի շատ է, քան զուտ պաշտօնապէս արձանագրուած թիւերը ցոյց կու տան:
Ան նաեւ նշած է, որ բոլորը կը խօսին կազի գինի բարձրացման մասին, սակայն քիչեր կը խօսին ելեկտրականութեան գիներու յաւելման մասին։