ՄՈՆՐՈՎԻԱ.- «Մաունթ Սիէրա» քոլեճի 21րդ ամավերջի հանդէսը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Յունիս 27ին, Փասատինայի «First Church of Nazarene» եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ անոր գլխաւոր բանախօսն է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախկին անդամ Էնթընի Փորթանթինօ:
Ելոյթներ պիտի ունենան նաեւ համալսարանի պաշտօնատարներ եւ շրջանաւարտ ուսանողներ:
Այս տարեշրջանին, «Մաունթ Սիէրա» քոլեճէն շրջանաւարտ պիտի ըլլան 53 ուսանողներ, որոնք Պսակաւոր արուեստից վկայականներ պիտի ստանան լրատուական արուեստներու եւ ձեւաւորման, գործարարական վարչութեան, գործարարական նորարարութիւններ ու տեղեկատուական արհեստագիտութեան, համակարգչային արհեստագիտութեան, տեղեկատուական ապահովութեան եւ հեռահաղորդակցութեան ճիւղերուն մէջ:
Շրջանաւարտներէն 17ն «Cum Laude», «Magna Cum Laude» կամ «Summa Cum Laude» պատիւներով կ՛աւարտեն իրենց դասընթացքները:
1990ին հաստատուած «Մաունթ Սիէրա» քոլեճը կը գտնուի Քալիֆորնիոյ Մոնրովիա քաղաքին մէջ, նպատակ ունենալով լաւագոյն կերպով պատրաստել ուսանողները ներկայի յարափոփոխ շուկային եւ տեղեկատուական ասպարէզներուն համար: Իր առաքելութեան հաւատարիմ մնալով՝ համալսարանը արդէն իսկ աշխատանքի կարելիութիւններ կրցած է ապահովել այս տարուան շրջանաւարտներէն շատերուն համար, հետեւեալ ընկերութեանց մէջ. «City of Hope», «Merit Lilin USA», «Facebook», «Southern California Edison», «Time Warner Cable», «Electrical News», «Accu-sembly», «NTS», «Containment Field», «Smile TV», «Painted Saint Entertainment», «E-Marketing Associates» եւ «Spy Tech Surveillance»:
Այս տարուան վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը կը հովանաւորեն Փասատինայի «Shogun» եւ «Panda Inn», «Stonefire Grill», «Slaters 50/50», «Yo-gurtland», «Kabuki», Մոնրովիայի «Red Lobster» եւ Տուարթէյի «Old Spaghetti Factory» ճաշարանները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.