ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 1-8 Յուլիսին առաջին անգամ ըլլալով Գիւմրիի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Դուէտ» միջազգային թատերական փառատօն: «Գիւմրին՝ 2013 թուականի ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաք» ծրագիրի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ ընդգրկուած փառատօնը կը գործադրուի Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնի աջակցութեամբ:
20 Յունիսին այս առիթով կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արթուր Պօղոսեանը նշած է, որ «Դուէտ»ը իւրայատուկ ձեւաչափի փառատօն է հայաստանեան թատերական կեանքին մէջ: «Արդէն իսկ մեծ է փառատօնի շուրջ միջազգային արձագանգը: Կարեւոր է նաեւ այն, որ ներկայացումներից յետոյ հեռուստատեսային տարբերակում տեղի են ունենալու ոչ միայն մասնագէտների, այլեւ՝ հասարակութեան մասնակցութիւն», յայտնած է Պօղոսեանը:
Կայանալիք թատերական փառատօնի գլխաւոր առանձնայատկութիւնը այն է, որ ներկայացման կը մասնակցին երկու դերասաններ: Փառատօնին դիմում ներկայացուցած են Հայաստանի եւ արտերկրի 25 թատրոններ, որոնցմէ ընտրուած է 20ը։ Փառատօնին կը մասնակցին Հայաստանը, Ռուսիան, Ֆրանսան, Ուքրանիան եւ Վրաստանը:
Փառատօնի հանդիսաւոր բացումը տեղի պիտի ունենայ 1 Յուլիսին՝ Արմէն Ջիգարխանեանի ղեկավարած Մոսկուայի դրամատիկական թատրոնի «Սրճարան. Կեանքը վարդագոյնի մէջ» ներկայացմամբ: Փակման արարողութիւնը 8 Յուլիսին է՝ Կիեւի «Սուզիրեա» ակադեմիական արուեստանոցի «Ժառանգը» ներկայացմամբ:
Փառատօնին կ՛աջակցի նաեւ ԱՊՀ երկիրներու մարդասիրական համագործակցութեան միջպետականն հիմնադրամը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.