ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».– Ռուսական «Հայրենակիցներ» ծրագիրը, որ բազմիցս խօսել տուած է իր մասին, կրնայ պատճառ ըլլալ, որ սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները եւս լքեն իրենց հայրենիքը։
Այս մասին «Առաւօտ»ի թղթակից Նունէ Արեւշատեանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Շիրակի մարզի Ամասիայի տարածաշրջանի ամէնէն հեռաւոր գիւղերէն մէկուն՝ Բերդաշէնի նախկին գիւղապետ, մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ Սլաւիկ Չապանեանը: Գիւղը սահմանամերձ է, մեծաւ մասամբ բնակուած է ջաւախքահայերով, այնտեղ կառուցուած է Արփա լիճի ազգային պարկը, որով նախատեսուած է գիւղը վերածել հանգստեան գօտիի եւ զբօսաշրջութեան վայրի։
Ամասիայի տարածաշրջանի բնակիչներուն առաւել զայրացուցած է այն, որ կաթ մթերող ընկերութիւնները օր օրի կը նուազեցնեն կաթի գնման գինը: 11 Յունիսին 10 գիւղերու բնակիչներ բողոքի ցոյց կատարած են՝ փակելով Ամասիա-Գիւմրի ճամբան ու պահանջելով կարգաւորել ոլորտը, զգաստութեան հրաւիրել կաթ մթերող ընկերութիւնները, որոնք կաթը գիւղացիներէն սկսած են գնելու 140 դրամի՝ նախկին 150 դրամի փոխարէն: Ըստ «Առաւօտ»ի զրուցակիցին, գիւղացիին ամբողջ եկամուտը այդ 10 դրամն է, զոր խլելու փորձ կը կատարուի. նման պայմաններու մէջ գիւղացին անպայման պիտի մտածէ իր անասունները սպանդանոց ղրկելու եւ երկիրը լքելու մասին։ «Էնպէս են անում, որ ժողովուրդը աստիճանաբար դուրս գայ երկրից, մեր գիւղում համարեա բոլորն էլ մտադրութիւն ունեն լքելու Հայաստանը, եւ բացարձակ չափանացրած չեմ լինի, եթէ ասեմ, որ մեր գիւղի ժողովուրդը աստիճանաբար կը գնայ էստեղից: Ռուսական մի ծրագիր կայ «Հայրենակիցներ», ստիպուած այդ ծրագրին պէտք է մասնակցենք, գոնէ այդ հսկայ Ռուսաստանի մէջ մի բան կը կարողանանք անել: Ես որ ամբողջ կեանքս չեմ մտածել իմ երկրից դուրս ապրելու մասին, աշխատանք ու մասնագիտութիւն ունեմ, հիմա ոտքի եմ ելել», նշած է զրուցակիցը՝ հաստատելով, որ այս շաբաթ գիւղը պիտի լքեն առնուազն 10 անձեր։
Լրագրող Նունէ Արեւշատեան հետեւեալ հարցումը ուղղած է. «Ձեր գիւղը ալպիական գօտում է գտնւում, ամէն անգամ վարչապետը Գերմանիայի դեսպանների հետ այնտեղ այցելելիս, հրճուանքով նշում է, որ Արփա լճի ափին ազգային պարկ կառուցելով՝ մեծ օգուտ կը տայ սահմանամերձ գիւղերի բնակիչներին, աշխատատեղեր կը ստեղծի, հիմա այդ ծրագիրը նորութի՞ւն բերել է գիւղին, յառաջընթա՞ց կայ գիւղական կեանքում»: Գիւղացին պատասխանած է. «Կայ որոշակի բան, բայց դա էնքան փոքր է, մի փոքր կազմակերպութիւն ու ենթադրենք մի քանի աշխատող, դրանով հարցը լուծուե՞ց, նախ էդ ձեռնարկութիւնը լիարժէք չի գործում: Մենք խօսում ենք ժողովրդի ընդհանուր ապրելու, օրօրի վատացող վիճակի մասին»։ Ան նաեւ նշած է, որ սահմանամերձ գիւղերը կազի գինի բարձրացումէն ետք պիտի վերածուին ամայի տարածքներու, «գիւղի ամենավերջին մարդն էլ կը թողնի ու կը հեռանայ»:
Յիշեցնենք, որ այս գիւղին մէջ, ձմրան, ջերմաստիճանը -46ի կը հասնի, եւ անիկա կը կոչուի նաեւ Կովկասի Սիպիր: Հոն տանող ճամբաները շատ վատ, քարուքանդ վիճակի մէջ են, այս պատճառով ալ ձմրան հանգրուանը գիւղը 6-8 ամիս ամբողջովին կը մեկուսանայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.