
Թրքական «Սի.Էն.Էն. թիւրք» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ պոլսահայ տարեց կիներուն դէմ յարձակումին մեղադրանքով կալանաւորուած Մուրատ Նազարեան դատական առաջին նիստին ընթացքին հերքած է իր դէմ ներկայացուած մեղադրանքները՝ պնդելով, որ ինք ոչ մէկը սպաննած է:
Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու գործերով երկրորդ դատարանին մէջ տեղի ունեցած է պոլսահայ կիներուն դէմ յարձակումներու գործով ձերբակալուած Մուրատ Նազարեանի դատական առաջին նիստը:
Յարձակումներու զոհերու դատապաշտպան Էրեն Քեսքին դատական նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ մեղադրական զեկուցումը թերի է, որովհետեւ կատարուած յանցանքներու ժամանակաշրջանին շարք մը կիներու դէմ տարբեր վայրերու մէջ յարձակումներ տեղի ունեցած են: Ան պնդած է, որ յարձակումի ենթարկուած կիները կը միաւորէ մէկ բան՝ հայ ըլլալը, իսկ սպանութեան դաժանութեան ուշադրութիւն դարձնելով, կարելի է եզրակացնել, որ անիկա ատելութեան հողի վրայ կատարուած սպանութիւն է: Ըստ փաստաբանին, հետաքննութեան ժամանակ յայտնի դարձած է, որ դէպքի վայրին մէջ ականատեսներ յաւելեալ երկու անձ տեսած են, սակայն այդ փաստին վրայ ուշադրութիւն չէ դարձուած:
Մեղադրեալ Մուրատ Նազարեան իրեն ուղղուած հարցումին ի պատասխան նշած է, որ ըսելու ոչինչ ունի, որովհետեւ ոչ մէկը սպաննած է: Դատարանը յետաձգած է նիստը՝ անփոփոխ ձգելով Մուրատ Նազարեանի խափանման միջոցը:
Նշենք, որ Դեկտեմբեր 2012ին եւ Յունուար 2013ին Պոլսոյ հայերով բնակեցուած Սամաթիա թաղամասին մէջ տարեց հայ կիներու դէմ յարձակումներ կատարուած էին: Այդ յարձակումներուն կատարման յանցանքով ձերբակալուած է պոլսահայ Մուրատ Նազարեան:
Նազարեանը ճանչցողները կը պնդեն, որ ան շատ հանդարտ անձնաւորութիւն էր եւ անհաւատալի է, որ զինք նման յանցանքով մեղադրեն: Բացի ատկէ, կը նշուի, որ ան ոչ մէկ հարազատ ունի եւ ան հոգեկան խանգարումներ ունի: