ՓԱՐԻԶ.- Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ «վերջապէս, Ալֆորվիլի Ս. Մեսրոպ դպրոցը իր նոր կրթական համալիրի շինարարական փուլը թեւակոխեց… տասնհինգ-քսան տարուան ուշացումով»:
«Երեքշաբթի օր բեռնարկառքերը փոխադրեցին շինարարական սարքերն ու ապրանքները դպրոցին շրջաբակէն ներս: Առժամեայ կերպով պիտի շինուին երկու դասարաններ, ուր պիտի տեղափոխուի նոր դպրոցի հողամասին վրայ գտնուող նախկին դասարաններու աշակերտութիւնը, որմէ ետք պիտի սկսի շինարարութիւնը, որուն տեւողութիւնը պիտի ըլլայ մէկ ու կէս տարի: Այսինքն, սկզբունքով՝ 2015ի տարեմուտին դպրոցը գործածութեան պիտի յանձնուի», կը տեղեկացնէ «Նոր Յառաջ»՝ աւելցնելով, որ «Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ, ճառերէն ու քարոզներէն ի վեր, Փարիզի հայ համայնքին եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ, լաւագոյն նուէրը պիտի հանդիսանայ նոր սերունդին: Թեմիս առաջնորդ, Նորուան արք. Զաքարեան, հակառակ բազմաթիւ խոչընդոտներու եւ նախապաշարուած մտայնութիւններու, գլխաւոր պաշտպանը եւ ջատագովողը եղաւ թափանցիկ պայմաններու մէջ դպրոցին նոր շէնքի կառուցման»:
Ներկայ շինութեան հողամասին տէրն է Փարիզի Հայ Առաքելական եկեղեցին, որ շինարարական պայմանագիր մը ստորագրած է «Հայ Մշակոյթի զարգացման ընկերակցութիւն ի Ֆրանսա»ի հետ (APCAF- Association pour la Promotion de la Culture Armըnienne en France), որ Ֆրանսայի թեմին մշակութային թեւն է (թեմը իբր 1905ի օրէնքին ենթակայ կրօնական ընկերակցութիւն, իրաւունք չունի կրթական եւ մշակութային հարցերով զբաղելու): Ճարտարապետական այս նոր յղացումը գործն է Յակոբեան գրասենեակին:
«Շինութեան ընդհանուր ծախսերը կը նախատեսուին ըլլալ աւելի է քան չորս միլիոն եուրօ, որուն կէսէն աւելին գոյացած է արտասահմանէն՝ Գէորգ Արապեան կրթասէր անձնաւորութեան բացառիկ նուիրատուութենէն: Պարոն Կարպիս æրբաշեան որոշիչ դեր կատարած ըլլալ կը թուի այս նուիրատուութեան ձեռքբերման մէջ:
Լրացուցիչ երկու միլիոն եուրօն գոյացնելու համար հանգանակութեան արշաւը սկսած է «1000 նուիրատու՝ 2000 եուրոյէն» վերնագիրով», կ՛եզրակացնէ «Նոր Յառաջ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.