ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ես հազուադէպօրէն կ՛անդրադառնամ առեղծուածային սպանութիւններուն, սակայն այս անգամ բացառութիւն պիտի ընեմ՝ հաշուի առնելով 1916 թուականին օսմանեան թագաժառանգ արքայազնի մահուան արտասովոր հանգամանքները եւ անոր հաւանական կապը Թալէաթի ու Հայոց Ցեղասպանութեան հետ:
Գաղտնիքը բանալու առաջին բանալին, որ ձեռքս անցաւ, 1921 Ապրիլ 3ին «Փիցպուրկ Փրես» թերթին մէջ հրապարակուած յօդուած մըն էր՝ հետեւեալ վերնագիրով. «Համբերատար կերպով հետեւած է անոր թաքստոցին մէջ եւ՝ սպաննած. ինչպէ՞ս թուրք արիւնարբու Մեծ վեզիր Թալէաթ փաշան, որ ծրագրած էր միլիոնաւոր հայերու ջարդը, հանդիպեցաւ իր ճակատագիրին»: Այս լուրը հրապարակուած էր 1921 Մարտ 15ին Պերլինի մէջ Սողոմոն Թեհլերեանի կողմէ Թալէաթ փաշայի սպանութեան առիթով:
Լայնածաւալ յօդուածի կէսերուն գտնուող պարբերութիւն մը ցնցող բացայայտում կը պարունակէր. «Թալէաթի յառաջխաղացման առնչուած ամէնէն տարօրինակ իրողութիւնը հաւանաբար այն է, որ ան այդ բարձրագոյն պաշտօնին հասնելու համար իր ճանապարհը հարթած է սպաննելով թագաժառանգ արքայազն Եուսուֆ Էտինը՝ իշխող սուլթանին զարմիկը: Երիտասարդ արքան կտրականապէս դէմ էր Թալէաթի՝ հայերու ոչնչացման ուղղուած քաղաքականութեան: Թալէաթը, լուրջ դիմադրութեան հեռանկար տեսնելով՝ կրակած էր արքայազունին վրայ՝ զայն սպաննելով շան նման»:
Այս զարմանալի լուրին հաւաստիութիւնը ճշդելու համար ես համացանցի միջոցով կատարեցի երկարատեւ որոնումներ՝ պրպտելով հրապարակումներ անգլերէն, ֆրանսերէն, թրքերէն, սպաներէն եւ հայերէն լեզուներով, նկատի ունենալով արքայազնի անուան տարբեր ուղղագրութիւնները՝ Եուսուֆ Էտին, Եասուֆ Իզետին, Եուսուֆ Իզեթին եւ այլն:
Աղբիւրներուն մեծ մասը կը հաստատէ, որ թագաժառանգ արքայազնը մահացած է կասկածելի հանգամանքներու մէջ, սակայն անոնք կը ներկայացնեն երեք տարբեր վարկածներ, թէ ինչպէ՛ս ան կնքած է իր անժամանակ մահկանացուն: Այս առեղծուածին մասին նոյնիսկ գոյութիւն ունի թրքերէն ամբողջ գիրք մը. «Shehzade Yusuf Izzedin olduruldu mu, intihar mi etti?» (Թագաժառանգ արքայազն Եուսուֆ Իզետինը սպաննա՞ծ են, թէ՞ անձնասպան եղած է):
Առաջին վարկածը «Փիցպուրկ Փրես» թերթին մէջ նշուածն է, որ կը հաստատէ, թէ թագաժառանգ արքայազնը սպաննուած է Թալէաթին կողմէ՝ հայ ժողովուրդի բնաջնջման ընդդիմանալուն համար:
Թագաժառանգ արքայազնին վաղաժամ մահուան երկրորդ բացատրութիւնը այն է, որ ան անձնասպանութիւն գործած է՝ կտրելով իր դաստակը: Երիտթուրքերու կառավարութիւնը 1916 Փետրուար 3ին հանդէս եկած է հետեւեալ պաշտօնական յայտարարութեամբ. «Նորին գերազանցութիւն գահաժառանգը երկարատեւ հիւանդութեամբ տառապելու պատճառով այսօր առաւօտեան ժամը եօթն անց կէսին ինքնասպան եղած է Զինտճիրլիի ամառանոցի հարեմի յարկաբաժինի ննջարանին մէջ՝ կտրելով իր ձախ ձեռքին երակները»:
Այս պաշտօնական յայտարարութիւնը համատարած թերահաւատութեամբ ընդունուեցաւ՝ առիթ տալով թագաժառանգ արքայազնի մահուան երրորդ բացատրութեան: Ֆրանսայի պետական նախարար Իվ Կայոն 1916 թուականին հրատարակուած իր «Պատերազմի պատճառներն ու հետեւանքները» գիրքին անգլերէն խմբագրութեան նախաբանին մէջ գրած է. «Անոնք, որոնք կարդացած էին պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, համոզուած էին, որ երիտթուրքերը ստիպած էին թագաժառանգին «անձնասպան ըլլալ»: Տարբեր աղբիւրներու տեղեկատուութիւնը կը հաստատէ այդ կասկածը»:
Կայոն եւ այլ ժամանակագիրներ կը պնդեն, որ ռազմական նախարար Էնվեր փաշան սպաննած է Իզետինը, քանի որ ան կ՛ընդդիմանար Գերմանիոյ հետ Օսմանեան կայսրութեան դաշնակցելուն՝ Ա. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին: «Թրքական նաւատորմին կողմէ Օտեսան ռմբակոծելէ ետք ան (Իզետինը) իր անհամաձայնութիւնը յայտնեց բացայայտ ձեւով: Այդ պահէն սկսեալ անոր ճակատագիրը որոշուած էր», գրած է ֆրանսացի նախարարը:
Կայոն նաեւ մանրամասնօրէն նկարագրած է Թալէաթի, Էնվերի եւ երիտթրքական այլ պարագլուխներու մասնակցութեամբ 1915ին կայացած գաղտնի հանդիպումը, որուն ընթացքին Էնվերը յորդորած է ոչնչացնել թագաժառանգը, որ ըստ Կայոյի՝ «սպաննուած է Եւրոպա մեկնելէն մէկ օր առաջ»:
Հայոց Ցեղասպանութեան ականաւոր վերապրող եպիսկոպոս Գրիգորիս Պալաքեան իր «Հայոց Գողգոթա» յուշագրութեան մէջ կը պնդէ, որ՝ «թագաժառանգը սպաննուած է Էնվերի եւ Թալէաթի քրէական յանձախումբին կողմէ… Էնվերը անձամբ սպաննած է Եուսուֆ Իզիտինը Պալմոմճիի կայսերական ագարակին մէջ»: Տարտանելի ճակատամարտին ականատես ըլլալով հազարաւոր թուրք զինուորներու դիակներուն՝ թագաժառանգը բողոքած է Էնվերին, որ՝ «Տարտանելը դարձած է թրքական բանակին գերեզմանը»: Ան սպաննուած է Էնվերին ատրճանակով սպառնալէ ետք:
Անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ թագաժառանգին սպանութիւնը անհաւատալի պատմութիւն մըն է, պէտք է գիտակցին, որ նման պալատային սադրանքները սովորական երեւոյթ էին Օսմանեան կայսրութեան երկարատեւ պատմութեան ընթացքին: Շատ յաճախ սուլթանները կ՛ոչնչացնէին դաւադիր ժառանգորդները, իսկ մրցակից արքայազնները կը սպաննէին զիրար՝ գահին տիրանալու ճանապարհը հարթելու համար: Իրականութեան մէջ, 36 սուլթաններէն 15ը վերացուած են տարբեր միջոցներով՝ երեքը հրաժարած են գահէն, եօթը գահընկէց եղած են, իսկ հինգը՝ սպաննուած:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքը