ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

«Ա.Ժ. փոխնախագահն (Էդուարդ Շարմազանով) ընդգծել է
Հայկական Սփիւռքի աւանդական կառոյցների միասնական օրակարգի ձեւաւորման եւ գործունէութեան կարեւորութիւնը»։
Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, ամէն անգամ որ հայրենիքէն ազգային-քաղաքական պատգամներ կ՛ուղղուին դէպի Սփիւռք, տիրական կը դառնայ յանկերգը ներքին միասնականութեամբ գործելու միեւնոյն յորդորներուն։
Աւելի քան քսան տարիէ ի վեր կրկնուող այդ յանկերգին պատգամաբերները, սակայն, բնաւ չեն փորձեր լսել Սփիւռքէն տրուած պատասխանները։ Չեն ուզեր մանաւանդ ընդունիլ, որ Սփիւռքը եթէ ապրած է պառակտումի հանգրուաններ – եւ ապրա՛ծ է, նոյնիսկ եղբայրասպան արիւնահեղութիւն ալ արձանագրած է -, տարակարծութեանց ու հակադրութեանց կիզակէտը միշտ ալ եղած է նոյնինքն Հայաստանը։
Իսկ երբ որ Հայաստանը տէր կանգնած է մեր ժողովուրդին ազգային-քաղաքական միասնական օրակարգին, Սփիւռքը – ինչպէս մեր ժողովուրդը կ՛ըսէ – մէկ գիշերուան մէջ իսկ յաղթահարած է իր ներքին տարակարծութիւններն ու վէճերը եւ միասնական ճակատով յառաջապահը դարձած է Հայ Դատի պահանջատիրութեան։ Թերահաւատները կրնան յետադարձ հայեացքով մը անդրադառնալ, թէ 1988ին ինչպէ՞ս Արցախեան Պահանջատիրութեան հայրենական շղթայազերծումը ի մի բերաւ ոչ միայն աշխարհասփիւռ հայութիւնը, այլեւ անոր քաղաքական կամքը արտայայտող ազգային կուսակցութիւնները՝ անցեալէն ժառանգուած իրենց սպիացած թէ կոտտացող վէրքերով հանդերձ։
Յամենայնդէպս, Հայկական Սփիւռքին եւ հայաստանեան բառամթերքով այսպէս կոչուած Սփիւռքի «աւանդական կառոյցներ»ուն նմանօրինակ յորդոր եւ պատգամ վերջերս ուղղեց Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան երիտասարդ ղեկավարներէն՝ Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Էդուարդ Շարմազանով, որուն քաղաքական աստղը յայտնապէս սկսած է արագօրէն բարձրանալու Հայաստանի գործող նախագահի մերձաւորներու վերնախաւէն ներս։
Յունիսի վերջերուն պր. Շարմազանով Աթէնք այցելած է իր Հանրապետական կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան մը գլուխը անցած՝ պաշտօնապէս ներկայ գտնուելու համար ՀՀԿի «գաղափարակից»՝ Յունաստանի «Նոր Հանրապետութիւն» իշխանաւոր կուսակցութեան համագումարին։ Ի դէպ, ՀՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահը նաեւ կը գլխաւորէ Հայաստանի ԱԺի հայ-յոյն բարեկամութեան խորհրդարանական խմբաւորումը։ Առիթէն օգտուելով՝ Է. Շարմազանով գլուխ-գլխի հանդիպումներ ունեցած է յունահայոց Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Ահա այդ հանդիպումներուն վերաբերեալ հայրենական մամուլին տրուած լրատուութեամբ մը, պր. Շարմազանով շեշտած է «Հայկական Սփիւռքի աւանդական կառոյցների միասնական օրակարգի ձեւաւորման եւ գործունէութեան կարեւորութիւնը»։
Շարմազանով ո՛չ առաջինն է, ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլայ հայրենի պետական թէ քաղաքական այն պատասխանատուներուն, որոնք այսպէ՛ս պարտք կը զգան Սփիւռքին ազգային միասնականութեան դաս տալու, առանց առնուազն ընդունելու, որ «միասնական օրակարգի ձեւաւորման եւ գործունէութեան կարեւորութիւն»ը նոյնքան, եթէ ոչ աւելի շեշտուած է նոյնինքն Հայաստանի քաղաքական կուսակցութեանց եւ, յատկապէս, պետական իշխանութեան ղեկը ստանձնած քաղաքական ուժերուն համար։
ՀՀ նախագահական գործող իշխանութեան առաջացուցած քաղաքական-կուսակցական վերնախաւին մաս կազմելու իր հանգամանքով իսկ՝ պր. Շարմազանով անկասկած քաջատեղեակ է, որ Հայեւթուրք Արձանագրութեանց տակ ՀՀ ստորագրութիւնը տակաւին պահելով եւ Սերժ Սարգսեանի «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» առջեւ նոր հորիզոն բանալու պատրանքով՝ Հայաստանը պետականօրէն դժուարացուցած է հայ քաղաքական միտքը ի մի բերող «միասնական օրակարգ»ի ձեւաւորումն ու գործօն հետապնդումը։
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան երիտասարդ բանբերը նաեւ հին ու մաշած յանկերգի մը նոր կեանք կը փորձէ տալ, երբ խօսքը կը կեդրոնացնէ Հայկական Սփիւռքի այսպէս կոչուած «աւանդական կառոյցներ»ուն վրայ։ Պատմութեան անցած խորհրդային դարաշրջանի քաղաքական զինանոցէն հանուած է «աւանդական կառոյցներ» պիտակաւորումը հայ ազգային երեք կուսակցութեանց հասցէին։ «Աւանդական կառոյցներ» հռչակելով համահայկական կազմակերպութեամբ օժտուած հայ ազգային կուսակցութիւնները՝ հայ քաղաքական մտքի հայրենական խօսնակները փաստօրէն կ՛անտեսեն այն իրականութիւնը, որ նոյնինքն Հայաստանի մէջ քաղաքական եւ քաղաքացիական ապրող կառոյցներ են մեր ազգային կուսակցութիւնները։ Հայաստանեան ներ-քաղաքական հիւսուածքին անբաժան մասն է որոշապէս Դաշնակցութիւնը եւ ով որ ալ կանգնած ըլլայ ՀՀ նախագահական իշխանութեան ղեկին, Հանրապետական անունը ընտրած ըլլայ թէ այլ նորանուն կուսակցութեան մը դրօշը բարձրացնէ, չի կրնար խուսափիլ ա՛յս իրականութեան հետ հաշուի նստելու իր պարտաւորութենէն։
Աւելի՛ն. Հայկական Սփիւռքին նկատմամբ առնուազն թիւրիմացութեան մէջ են, եթէ Հայաստան-Սփիւռք բաժանարար գիծերու ջատագովը չեն նմանօրինակ մօտեցումներու հին թէ նոր բանբերները։
Սփիւռքի տարածքին հայ քաղաքական միտքը արդէն սկսած է հնչեցնելու ահազանգը, որ ռազմավարական վերանայումներու ժամանակը շատոնց եկած է, իսկ հայրենիքի մէջ հայ քաղաքական միտքը տակաւին «աւանդական կառոյցներ» եւ «միասնական օրակարգ» կը ծամծմէ:
Թերեւս այս աստիճան ուշադրութեան արժանի չնկատուէր Սփիւռքին միասնականութեան դաս տալու յանկերգին նորագոյն այս շրջանառութիւնը, եթէ նոյն օրերուն Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան հայրենական ծնունդը՝ «Ազգ»ը հայ քաղաքական մտքին չհրամցնէր «միասնական օրակարգ»ի ի՛ր յանկերգը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւնը անցեալ ամիս գումարեց իր Ազգային Ընդհանուր ժողովը, որ Մեծ Եղեռնի 100ամեակին, հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ամբողջական Հատուցման եւ Սուրիոյ հայութեան համահայկական օգնութիւն հասցնելու ուղղութիւններով՝ հատու կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդին։
Բայց «Ազգ»ի եւ Ռամկավար մտքի հայրենական բանբերներուն համար, ըստ երեւոյթին, այնքան ալ կարեւոր չէին Ազգային Ընդհանուր ժողովին այդ կոչերը…
«Միասնական Օրակարգ»ը իւրովի ըմբռնելու մօտեցումով՝ Ազգային Ընդհանուր ժողովի առաջադրանքներուն վերաբերեալ իր դիրքորոշումը ներկայացնելու փոխարէն, «Ազգ»ը նախընտրեց իր ընթերցողներուն հրամցնել իրանահայ «Արաքս» թերթի մը լուտանքները Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Արամ Առաջինի եւ Դաշնակցութեան հասցէին։
Ի՞նչ «միասնական օրակարգ»ի մասին է խօսքը, երբ հայրենական մեր մամուլի ամէնէն «լրջախոհ» բեմերէն մէկը նկատուած «Ազգ»ը դեռ չէ կրցած թօթափել խորհրդային ժամանակներէն եկող դաւանամոլութիւնն ու հատուածապաշտութիւնը։
Եթէ հայրենիքի մէջ պետական վերականգնման իր զարթօնքի դարաշրջանը ապրող հայ քաղաքական միտքը իրապէս տէր կանգնի «միասնական օրակարգ»ի անհրաժեշտութեան, հին յանկերգները այսպէս նորովի չեն կրնար շրջանառութեան մէջ դրուիլ։