Յունիսի 29ին Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպենկեան» սրահին մէջ կայացաւ կեդրոնի Ս. Մովսէս Խորենացի նախակրթարանի աւագ խումբի սաներու աւարտական ցերեկոյթը:
Սոյն առիթով զարդարուած դահլիճին մէջ տեղեր գրաւած էին հոգեւոր հայրերը, ուսուցիչներ, ծնողներ, հիւրեր եւ թիֆլիսահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Գեղեցիկ համազգեստներ հագած փոքրիկները Տէրունական աղօթքի արտասանութեամբ բացումը կատարեցին հանդէսին եւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի օրհնութիւնը ստանալէ ետք ցուցադրեցին իրենց սորվածը:
«Ի տարբերութիւն նախորդ միջոցառումներին, ներկաներին ողջունեցին եւ ողջ հանդէսը վարեցին իրենք՝ շրջանաւարտները, ում շուրթերից հնչած Այբ-բեն-Գիմը, գեղեցիկ արտասանութիւնն ու երգը, խրոխտ պարը վեր էր սպասուածից», այսպէս կը նկարագրէ մեզի փոխանցուած Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւանի տեղեկագրութիւնը:
Ս. Մովսէս Խորենացի նախակրթարանի 16 շրջանաւարտներէն տասն ուսումնական նոր տարին պիտի սկսի հայկական դպրոցներու մէջ: Թիւ 104 հայկական դպրոցի տնօրէն Իրինա Ժամկոչեան եւ Վրաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Վահագն Աֆեան արժեւորեցին սաներուն պատրաստուածութեան մակարդակը եւ նախակրթարանի ուսուցիչներու՝ տնօրէն Եւգենեա Մարկոսեանի, երգի, պարի դաստիարակ Լալա Գէորգեանի, Նարինէ Ղուշչեանի, հոգեւոր տեսուչ Գէորգ սարկաւագ Անտոնեանի ներդրումը:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան իր օրհնութեան խօսքին մէջ բարձր գնահատեց նախակրթարանի գործունէութիւնը, բարձրաճաշակ հանդէսները, որոնք կը վկայեն հայկական ոգիով, հայ մշակոյթի շունչով մանուկ սերունդի դաստիարակութեան նախակրթարանի ուսուցիչներու նուիրուածութեան մասին:
Ապա բաշխուեցան նախակրթարանի շրջանաւարտներուն վկայագիրները, որմէ ետք կատարուեցաւ յատուկ հիւրասիրութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.