ՎԻԼՆԻՒՍ.- Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիւսի մէջ 5 Յուլիսին տեղի ունեցաւ «Մշակութային գիշեր» փառատօնը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանը: ՀՀ արտաքին գոծոց նախարարութեան մամուլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնէն կը տեղեկացնեն, որ Հայաստանը այս փառատօնին ներկայացուցած է Արամ Խաչատրեանի անուան եռեակը, որ գիշերուան ընթացքին Վիլնիւսի քաղաքային համերգասրահին մէջ հանդէս եկաւ Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 110ամեակին նուիրուած երկու համերգով եւ քանդակագործ Առնօ Կուռը (Սաշա Ղալեչեանը) «Տես քեզ հայերէն» նախագիծով: Տեղւոյն հանդիսատեսները մեծ ջերմութեամբ ընդունած են հայ արուեստագէտներուն գործերը:
Սոյն մասնակցութիւնը իրականացած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Լիթուանիոյ մօտ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ:
«Մշակութային գիշեր» փառատօնը 7րդ անգամն է, որ կ՛իրականանայ: «Մշակութային գիշերը» այս տարի հանդիսացաւ ԵՄն Լիթուանիիոյ նախագահութեան ստանձման առիթով իրականացող գլխաւոր մշակութային ձեռնարկը:
Մէկ գիշերուան ընթացքին լիթուանիացի եւ տարբեր երկիրներէ ժամանած շուրջ 700 մասնակիցներ իրենց արուեստը ցուցադրեցին Վիլնիւսի Հին քաղաքի համերգային դահլիճներուն, թանգարաններուն եւ ցուցասրահներուն մէջ ու հրապարակներուն վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.