
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայաստանի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի նախագահ Մարտին Սարգսեան եւ լիբանանեան կողմէն Ֆրենչայզինկ ընկերակցութեան նախագահ Շարլ Արպիտ 6 Յուլիսին համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրեցին: Յուշագիրը կը նախատեսէ երկկողմանի կապերու ամրապնդում եւ ներդրումներու խթանում: Համաձայնագիրով պիտի ցուցաբերուի աջակցութիւն նաեւ գործարար շրջանակներուն:
Հայաստանի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի նախագահ Մարտին Սարգսեանի համաձայն, հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները 2 հազարամեակի պատմութիւն ունին: «Լիբանանահայ բազմաթիւ գործարարներ եւ արդիւնաբերողներ մաս կը կազմեն երկրի արդիւնաբերողներու եւ առեւտրականներու միութիւններու: Լիբանանի հայերը ներկայացուած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ, երկրի դիւանագիտական անձնակազմին մէջ: Լիբանանէն Հայաստան ներմուծուող ապրանքները 2011 թուականին 3.5 միլիոն տոլար կազմած են, իսկ Հայաստանէն Լիբանան արտահանուած է ընդամէնը մէկ միլիոն տոլարի ապրանք», ըսաւ ան:
Սարգսեանի համաձայն, համաձայնագիրով Հայաստանի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատին եւ Լիբանանի առեւտուրի, արդիւնաբերութեան եւ երկրագործութեան պալատին կից գործարար խորհուրդներ պիտի ստեղծուին:
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան այս առիթով նշեց, որ երկու կողմերն ալ փոխադարձ ներդրումներու համար լաւ կարելիութիւններ ունին: «Բազմաթիւ լիբանանցի գործարարներ կ՛աշխատին Հայաստանի մէջ: Մենք աջակցած ենք եւ կ՛աջակցինք անոնց», ըսաւ ան:
Անոր համաձայն, Երեւան-Պէյրութ օդանաւային նոր ուղին կարելիութիւն պիտի ընձեռէ երկկողմանի թռիչքներու միջոցով աւելի սերտ յարաբերութիւններ ստեղծելու Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ:
Յայտնենք, որ Պէյրութ-Երեւան առաջին ուղիղ թռիչքը՝ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան միջոցով, տեղի ունեցաւ 5 Յուլիսին: Սոյն թռիչքով Հայաստան ժամանեցին շուրջ 130 ուղեւորներ, որոնց շարքին լիբանանեան կառավարութեան եւ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներ: Շաբաթական երկու անգամ պիտի իրականացուի ուղիղ թռիչք: