ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններու սեմին, ատրպէյճանական իշխանութիւնները աւելի վճռական կը դառնան քաղաքացիներու տեղեկատուութիւնը սահմանափակելու իրենց քայլերուն մէջ. այս մասին կը հաղորդէ «Ճեզիրա» կայանը՝ նշելով, որ Պաքու խիստ հսկողութեան տակ կը պահէ ո՛չ միայն ներքին լրատուամիջոցները, կը սահմանափակէ համացանցէն օգտուելու ազատութիւնը ու կը հետապնդէ այլախոհ լրագրողներ, այլեւ կը սահմանափակէ օտար լրատուամիջոցներու սփռումները։
Կարգ մը օտար լրագրողներ արդէն իսկ կը պնդեն, թէ իրենց սփռումները կանխամտածեալ կերպով կը խափանուին, ինչ որ միջազգային հաղորդակցութեան կանոններու եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխում մըն է։
Պետութիւնը միշտ հսկողութեան տակ պահած է Ատրպէյճանի լրատուամիջոցները: Ինը ազգային կայաններէն երեքը ուղղակիօրէն կը պատկանին պետութեան, իսկ վեց սեփական կայաններ մեծապէս կախեալ վիճակի մէջ են պետութենէն, որովհետեւ պետութիւնը մենաշնորհեալ իրաւունք ունի ծանուցումներու մարզին մէջ: Ձայնասփիւռի 12 կայաններ եւս պատշաճ ու անկախ լրատուութիւն չեն կրնար ապահովել։
Լրագրողներու ազատութեան եւ ապահովութեան կեդրոնը շարք մը խախտումներ արձանագրած է այս ոլորտէն ներս՝ նշելով, որ կողմնակալ ու ոչ թափանցիկ լրատուութիւն կը կատարուի երկրին մէջ։
Յիշեցնենք, որ 2009ի Յունուարէն սկսեալ, օտարերկրեայ սփռողները յաւելեալ ճնշումներու տակ դրուած են: Օրինակ, կրճատուած են «Պի.Պի.Սի.», «Ազատութիւն», «Ամերիկայի Ձայն» կայաններու ատրպէյճանական ծառայութիւններու սփռումի ժամերը։
Որպէս արդիւնք՝ ատրպէյճանցիներու մեծամասնութիւնը ծանօթ է միայն իրադարձութիւններու մեկնաբանութեանց պետական տարբերակին, որուն մէջ գերապատուութիւն կը տրուի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, առաջին տիկին Միհրիպան Ալիեւայի գործունէութեանց լուսաբանման եւ նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի իտէալացման։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.