ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- 14-15 Հոկտեմբեր 2013ին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի կազմակերպութեամբ պիտի գումարուի եւրոպահայութեան երրորդ համագումարը: Այս համագումարը Եւրոպայի մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններուն կողքին, Հայաստանէն, Արցախէն, Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ շրջաններէ հասարակական գործիչներ, գիտնականներ եւ քաղաքագէտներ պիտի համատեղէ Պրիւքսելի մէջ:
Ողջոյնի խօսքերով ելոյթ պիտի ունենան Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղ-Արցախի հանրապետութիւններու բարձրագոյն մակարդակի քաղաքական ներկայացուցիչներ, Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Եւրոխորհրդարնէն ներս Եւրոմիութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահը, Համագումարը հովանաւորող Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան նախագահը եւ այլ պաշտօնական անձեր:
Առաջին նիստը՝ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14ին, պիտի գումարուի Պրիւքսէլի Հայ Տան սրահէն ներս, եւ պիտի կեդրոնանայ Եւրոպայի տարածքին բնակող հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ, որոնք պիտի արծարծուին եւրոպահայ
կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Ինքնութեան, մշակոյթի եւ լեզուի հարցերու կողքին, պիտի քննարկուին նաեւ քաղաքական հարցեր, ինչպիսին են՝ դէմ դնել Եւրոպայի մէջ թուրքեւազերի միացեալ ճակատին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած քաղաքական միջոցառումներ, Ցեղասպանութիւններու ժխտման եւ
ուրացման քրէականացում, միջազգային ճանաչում Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան:
Առաջին այս բաժինին պատգամաբերները պիտի ըլլան զանազան ներկայացուցիչներ արեւելեան եւ արեւմտեան Եւրոպայէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն: Աշխատանքային լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը: Հայերէնի դժուարութիւն ունեցողներուն պիտի օժանդակենք անգլերէն թարգմանութեամբ:
Յաջորդ օրուան՝ Հոկտեմբեր 15ի, նիստը Եւրոխորհրդարանէն ներս տեղի պիտի ունենայ, կրելով խորհրդարանի մեծագոյն քաղաքական խումբի՝ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (European Peoples՛ Party, EPP), հովանաւորութիւնը: Առաջին
օրակարագին նիւթը պիտի ըլլայ «Ցեղասպանութիւն եւ Միջազգային Օրէնք»ը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Եւրոպական միութեան կողմէ ցեղասպանութեանց ուրացման եւ կանխարգիլման հարցերը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ պատասխանատուութեան եւ անոր հետեւանքներուն հարցերը: Երկրորդ օրակարգին ընթացքին պիտի քննարկուին եւ
որոնուին «Հարաւային Կովկասի համար նոր հեռանկարներ», որուն ընթացքին տարածաշրջանին զարգացման, խաղաղութեան, Եւրոմիութիւն-Հայաստան մերձեցման եւ Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման նիւթերը պիտի արծարծուին:
Համագումարին պիտի մասնակցին Եւրոմիութեան բարձր մակարդակի աշխատակիցներ, եւրոխորհրդարանի քաղաքական խումբերու ներկայացուցիչներ, Եւրոխորհրդարանի անդամներ, խորհրդարանական պատուիրակութիւններու եւ կուսակցութիւններու անդամներ, ղեկավարներ՝ քաղաքական ոլորտի բոլոր խաւերէն, թէ՛ Եւրոմիութենէն, եւ թէ Հայաստանէն: Աշխատանքային լեզուները պիտի ըլլան հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն:
Այս օրերուն, երբ Եւրոմիութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն յարաբերութիւնները աւելի քան երբեք ջերմ են, ինչպէս նաեւ երկուստեք բարձրագոյն մակարդակի այցելութիւններ տեղի կ՛ունենան եւ Հայաստանի համարկումը եւրոպական արժէքներու աւելի մօտ է քան երբեք, եւրոպահայութեան երրորդ համագումարը իր ներդրումը պիտի ունենայ այս յարաբերութեանց ա՛լ աւելի ամրապնդման, ցոյց տալով, թէ մեր ազգային հիմնախնդիրներուն կողքին, եւրոպական ծագումով հայ քաղաքացին, անմասն չի մնար Եւրոմիութեան քաղաքական գործընթացէն եւ Հայաստանի դէպի եւրոպական միութիւն արեւելումէն:
Համագումարին արձանագրուելու համար, այցելել http://www.eafjd.eu/registration կայքէջը: Արձանագրութիւնները պէտք է կատարուին մինչեւ Սեպտեմբեր 27, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել պէտք եղած եւրոխորհրդարան մուտքի արտօնագիրը:
Մինչեւ Յուլիս ամսուան վերջը, պիտի տանք քանի մը անուններ հիւրանոցներու, ուր կարելի պիտի ըլլայ յատուկ գիներով սենեակ ապահովել: Հիւրանոցներէն ժողովավայրերը փոխադրութիւնը պիտի ապահովուի մեր կողմէ: Վիզայի կարիք ունեցող մասնակիցները արձանագրութեան ընթացքին պէտք է տեղեակ պահեն մեզ եւ ղրկեն իրենց անձագիրի պատճէնը contact@eafjd.eu հասցէով:
Նախնական ծրագիրը եւ զեկուցաբերներու մանրամասնութիւնները պիտի տրուին մօտաւորապէս Յուլիսի վերջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.