
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Լիբանանի Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի շրջանաւարտից միութեան անդրանիկ դաշտահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Յուլիս 27ին, կ.ա. ժամը 11էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:
Դաշտահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Սանթա Ֆէ ջրամբարի զբօսավայրը, ուր ժամանցի բազմաթիւ առիթներ կան՝ սկսած ձկնորսութենէն, մինչեւ վոլիպոլ ու նաւապտոյտներ, իսկ երեխաներու համար (մինչեւ 52 ինչ) կայ նաեւ սահնակներով աւազան: Ծրագրուած են նաեւ նարտիի եւ ճատրակի մրցաշարքեր:
Սանթա Ֆէ ջրամբարի զբօսավայրին հասցէն է՝ 15501 East Arrow Highway, Irwindale, CA, 91706: Ինքնաշարժները կարելի է պահել թիւ 6 կանգառին մէջ:
Ուտեստեղէնը պիտի մատուցուի «Ռաֆի՛զ Քէյթըրինկ»ի կողմէ: Մասնակցութեան սակը 15 տոլար է, իսկ երեխաներու համար՝ 10 տոլար:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (626) 497-5652, (626) 484-2008, (323) 717-2842 կամ (818) 247-0350 թիւերուն, նախընտրաբար Յուլիս 20էն առաջ: