ՓՈՔԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- ՀԵԴի Ցերեկային ճամբարը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է Հոլիվուտի Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանին մէջ, Երկուշաբթիէն Ուրբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ կ.ե. ժամը 4:
ՀԵԴի Ցերեկային ճամբարին կրնան մասնակցիլ 5էն 12 տարեկան երեխաներ եւ պատանիներ, որոնք օրուան ընթացքին կը մասնակցին խաղերու եւ դաստիարակչական, մարզական ու մշակութային միջոցառումներու, որոնք կը նպաստեն առողջ զարգացման ու հայկական ինքնութեան արմատացման. այս մասին կը յայտնէ ճամբարի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն Հուրի Պատալեան:
Սոյն նախաձեռնութիւնը կ՛իրականանայ շնորհիւ հետեւեալներու հովանաւորութեան. «Անուշ Քէյթըրինկ», «Գաւառ Քէյթըրինկ», «Գարուն Տերիզ», տէր եւ տիկին Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան եւ Մինաս Տալտալեան:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ayfdaycamp.org կայքը կամ դիմել (818) 242-7494 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.