
ՖՐԵԶՆՕ.- Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. առաքելական Մայր եկեղեցւոյ եկեղեցւոյ աւանդական խաղողօրհնէքի արարողութիւնը այս տարի յատուկ իմաստ կը ստանայ՝ նկատի ունենալով, որ եկեղեցին նաեւ կը տօնէ իր հիմնադրութեան հարիւրամեակը: Խաղողօրհնէքը եւ փառատօնը տեղի պիտի ունենան Կիրակի, Օգոստոս 11ին:
Առաւօտեան ժամը 10ին սկսելիք Ս. պատարագէն ետք, կ.ա. ժամը 11:30ին տեղի պիտի ունենայ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը, ապա պիտի կայանայ աւանդական դաշտագնացութիւն, մինչեւ երեկոյեան ժամը 5. ընթացքին տրամադրելի պիտի ըլլան հայկական ճաշեր եւ անուշեղէններ, ինչպէս նաեւ պիտի հնչէ հայկական երաժշտութիւն՝ մասնակցութեամբ Ռիչըրտ Յակոբեանի ու անոր նուագախումբին:
«Պտուղներու թագուհին» նկատուող խաղողին նուիրուած այս դաշտագնացութիւնը, որ կազմակերպուած է եկեղեցւոյ տղամարդկանց միութեան կողմէ, տեղի պիտի ունենայ Ֆրեզնօ գտնուող Քալիֆորնիոյ հայկական տան մէջ (Հայկական ծերանոցը, 6720 E. Kings Canyon Rd. Fresno, CA 93727): Մուտքը ազատ է:
Յատկանշական է նաեւ, որ այս տարի, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պիտի մատուցէ Ս. պատարագը:
Ամէն տարի, հազարաւոր հայորդիներ կը մասնակցին խաղողօրհնէքի սոյն աւանդական արարողութեան եւ տօնակատարութիւններուն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ գրասենեակ՝ (559) 486-1141 թիւով, կամ այցելել www.holytrinityfresno.org կայքը: