
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Կազմակերպութեամբ «Արփա» հիմնարկին, Հինգշաբթի, Օգոստոս 22ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ հայութեան յատուկ ծինային հիւանդութեանց եւ Հայաստանի մէջ ծինային հետախուզութեան կեդրոն մը հաստատելու հարցերուն նուիրուած դասախօսական ձեռնարկ մը:
Ձեռնակին դասախօսն է դոկտ. Մայք Մխիթար Մուրատեան, որ աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն մէկը հանդիսացող հայութեան ծինային առանձնայատկութեանց եւ անոնց հետեւանքով յառաջացող իւրայատուկ հիւանդութեանց ախտաճանաչումը կատարելու կողքին՝ պիտի խօսի Հայաստանի մէջ ծինային հետախուզական կեդրոն մը հիմնելու աշխատանքին կարեւորութեան մասին՝ մատնանշելով, թէ նման կեդրոնի մը օգուտները կրնայ քաղել ոչ միայն Հայաստանի բնակչութիւնը, այլ նաեւ՝ սփիւռքահայութիւնը:
Հայաստանի գիտութեանց ակադեմիոյ մէջ ծինային նման կեդրոն մը հաստատելու «Արփա» հիմնարկի աշխատանքին գլխաւոր գիտնականը հանդիսացող դոկտ. Մայք Մխիթար Մուրատեանը իր Պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն, մանրակենսաբանութեան (microbiology) եւ բժշկական ճարտարագիտութեան ճիւղին մէջ, ապա Bioinformatics ճիւղին մէջ Մագիստորիս տիտղոսը՝ եւս նոյն համալսարանէն: Ան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն ստացած է դոկտորի կոչումը՝ մասնագիտանալով Molecular Genetics ճիւղին մէջ: Տարիներով ուսումնասիրական եւ հետախուզական աշխատանք կատարած է զանազան հիմնարկներու մէջ եւ ներկայիս «Քայզըր Փըմընենթ» բժշկական կեդրոնի շրջանային ծինային տարրալուծարանի վարիչն է: «Հայկական հիւանդութեան» մասին անոր մէկ ուսումնասիրութիւնը հրատարակուած է 2010ին, հեղինակաւոր «Nature՛s Journal of Human Genetics» թերթին, իսկ վերջերս՝ «Nature՛s Genetics in Medicine»ի մէջ:
Դասախօսական սոյն ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Մերտինեան վարժարանի սրահը՝ 13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA, 91423: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝ (818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org հասցէով: