
Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ գործադիր մարմինը իր խորին երախտագիտութիւնը կը փոխանցէ գաղութիս ազնիւ ու ազգասէր հայրենակիցներուն, որոնք աչալուրջ եղած են որեւէ համազգային կամ հայրենակցական աղերսներու՝ քաջ գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր հայ անհատի բարոյական պարտաւորութիւնն ու նուիրումը անհրաժեշտ է իր ազգի գոյապայքարին ու բարգաւաճման:
Գաղութիս հայրենակիցները խուռներամ բազմութեամբ վայելեցին եւ նիւթաբարոյապէս օժանդակեցին Յունիս 9, 2013ին կայացած «HyeAID-2» պարային երգահանդէսին, որ անգամ մը եւս իր արուեստի բարձրորակ մակարդակով հմայեց ներկաները, որոնց վառ տպաւորութիւնները արձագանգեցին գաղութէս ներս:
Գործադիր մարմինս իր օժանդակութեան զանազան աշխատանքներու կողքին, մեծաթիւ անձնակազմով ու սպառիչ ջանքերով փորձեց յաջողութեամբ պսակել վերջերս նմանատիպ զոյգ ծրագիրները՝ HyeAID-1 եւ HyeAID-2, որոնց յաջողութեան մէջ մեծ դեր ունեցան նաեւ մեծ ու փոքր հովանաւորներ, կամաւորներ, մամուլ եւ հեռատեսիլ, ինչպէս նաեւ վարագոյրի ետին աշխատող համեստ անձնաւորութիւններ… Վարձքերնիդ կատա՛ր, արթուն եւ հարազատ հայրենակիցնե՛ր:
Սակայն… Սուրիահայութեան աղէտը իր արդար լուծումն ու խաղաղութիւնը չէ գտած… կը շարունակուին սարսափի ահն ու դողը… ամէնօրեայ գոյութեան ու անհրաժեշտ սննդամթերքի չգոյութեան…
Առ այդ, մեզմէ իւրաքանչիւրին ամէնօրեայ հետաքրքրութիւնն ու լումայի ներդրումը պիտի զօրացնէ սուրիահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հաւատքն ու յոյսը՝ կառչած մնալու իրենց անհատական, ընտանեկան եւ համայնքի կեանքի պահպանման:
Եկէ՛ք միասնաբար, առանց որեւէ ծրագրաւորումի կամ ակնկալութեան, միացնենք մեր համազգային ջանքերն ու անհատական նուիրումը՝ մեր ազգային բարոյական տուրքը կեանքի կոչելով ամէ՛ն օր, ամէ՛ն ժամ… փոխանցենք մեր տուրքէ զուրկ նուիրատուութիւնները Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան գործադիր մարմինի հետեւեալ հասցէին.
SYRIAN ARMENIAN RELIEF FUND
P.O. BOX 1948, GLENDALE, CA 91209-1948
Փա՛ռք ու պատի՛ւ քեզ, գիտակից ու նուիրատու հայրենակից…
Շուտափոյթ խաղաղութիւնդ վերագտնե՛ս, սիրելի սուրիահայ մայր գաղութ…
ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան
Միացեալ Գործադիր Մարմին
***
Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինը կազմուած է Օգոստոս 2012ին՝ հետեւեալ անդամներով. Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմ, Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն: Համացանցի հասցէն է՝
www.SyrianArmenianReliefFund.org: