
Սան Ֆերնանտօ հովիտի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համայնքը, համախմբուած իր հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի եւ հոգաբարձութեան շուրջ՝ ծխական շրջանի Ազգային երեսփոխաններով, Տիկնանց օժանդակ մարմինով, եկեղեցւոյ շուրջ բոլորուած եւ անոր հովանիին ներքեւ ծառայող բոլոր կազմակերպութիւններով ու անհատներով, իբրեւ մէկ ընտանիք կը պատրաստուի տօնախմբելու իր տան՝ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծման յիսնամեակը։
Կազմուած է արդէն տօնախմբութեան աշխատանքներուն համար յատուկ յանձնախումբ մը, որ իր կանոնաւոր հերթական ժողովներով ոչ միայն ծրագրումը կատարած է ընդհանուր գործին, այլեւ սկսած է մանրամասնութիւններու իրականացման համար յատուկ որոշումներ ու քայլեր առնելու։
Յանձնախումբը իր եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով, այսու կու գայ իր յարգանքի տուրքը եւ իր երախտագիտական զգացումները յայտնել անխտիր բոլոր անոնց, որոնք առյաւէտ մեզմէ բաժնուած են կամ մեզի հետ են տակաւին, ինչպէս նաեւ՝ հիմնադիր սերունդին, որ գաղափարը յղացաւ ասկէ աւելի քան 50 տարի առաջ Հովիտի հայ համայնքին համար եկեղեցի մը կառուցելու, եւ հաւատքով, ինքնավստահութեամբ, յարատեւութեամբ, քրտինքով ու զոհաբերութեամբ իր երազը իրականութիւն դարձուց։ Նաեւ՝ բոլոր անոնց, մեծ թէ փոքր, որոնք այդ երկարաձիգ 50 տարիներուն ծառայեցին այս եկեղեցւոյ հովանիին տակ, ի փառս մեր սուրբ հաւատքին, ի փառաբանութիւն Ամենակալին եւ ի յարատեւութիւն մեր ազգին։
Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցին ունի իւրայատուկ նկարագիր մը, որ զինք կը բաժնէ քրիստոնեայ միւս բոլոր եկեղեցիներէն։
Ընդհանուր հասկացողութեամբ՝ մեր եկեղեցին աղօթքի տուն է, ուր հաւատացեալներ կու գան իրենց հոգիները թեթեւցնելու, Աստուծոյ հետ կապ մը հաստատելու եւ իրենց հանգուցեալ կեանքին համար առաւել կամ նուազ չափով երջանկութիւն ապահովելու։ Մեզի համար միայն այդ չէ համոզումը կամ հասկացողութիւնը։ Մեզի համար եկեղեցի կը յաճախեն նաեւ (քիչ բացառութեամբ) անհաւատ հայեր, որովհետեւ մեր եկեղեցին, Աստուծոյ եւ հաւատքի տունը ըլլալով հանդերձ, տունն է նաեւ ազգային ոգիին։ Մեր եկեղեցին իր իւրայատուկ աղօթքներով, շարականներով, իր մանրանկարներով, մատեաններով, իր սրբազան աղօթքներով եւ սուրբերով, մեր պատմութեան ու մեր ինքնութեան վկայարանն է իսկ։ Անիկա խօսուն ու կենդանի յուշարձանն է մեր հոգեկան ու մտաւոր հարուստ ու թանկարժէք ժառանգութեան։ Մեր պատմութեան մութ ու դաժան օրերուն, աշխարհիկ իշխանութեան բացակայութեան, եկեղեցին խիզախօրէն տէր կանգնեցաւ իր հօտին եւ առաջնորդեց զայն պատմութեան մութ բաւիղներու ընդմէջէն։
Շարունակելով իր պատմական առաքելութիւնը՝ 1915ին, երբ կորսնցուցինք պատմական Հայաստանն ու Կիլիկիան (որոնց վերատիրանալու յոյսն է, որ մեզի ուժ կու տայ տոկալու սփիւռքեան կլանող հոսանքին, երբեմն նոյնիսկ՝ յաղթահարելով զանոնք), Սփիւռքի մէջ մեր եկեղեցին դարձաւ մեր Հայրենական տունը, իր փեշերուն տակ առաւ իր որբացած, տարտղնուած զաւակները եւ ապրեցուց զանոնք ու ապրեցաւ անոնցնմով։
Մուշեղ Իշխան հայ լեզուին համար կ՛ըսէ.
«Ուր կը մտնէ ամէն հայ,
Իբրեւ տանտէր հարազատ»։
Այսօր, դժբախտաբար, լեզուին հետ արդէն հարազատութիւնը սկսած է խորթանալու, բայց եկեղեցին կը շարունակէ մնալ՝
«Ծննդավայրը մեր հոգւոյն,
Որուն առջեւ՝ գլխահակ
Կու գայ իմ ազգս ամբողջ
Հաղորդուիլ անցեալի
Հաց ու գինւով կենսառողջ»:
Մեր եկեղեցին մեր հոգեկան կապն է մեր անցեալին, մեր պատմութեան, մեր արմատներուն եւ մեր ինքնութեան հետ:
Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին, իր անունով իսկ մեզ կը կապէ Մեծ Եղեռնի մեր նահատակներուն, որոնց մարտիրոսացման դարադարձը կը պատրաստուինք յիշատակելու 2015ին։ Անոնք իրենց հաւատքը, որ նոյնացած է իրենց հայութեան հետ, պահելու համար՝ չտատամսեցան իրենց կեանքը զոհաբերելու։ Եկեղեցին քարեղէն կառոյցէն աւելի՝ անոր շուրջ հաւաքուած, անոր հաւատքով ապրող հայութիւնն է։ Անցնող 50 տարիներուն, մեր նախորդները իրենց ճիգով, ծառայութեամբ ու զոհաբերութեամբ ուռճացուցին, պայծառացուցին եկեղեցին ու զայն յանձնեցին մեզ։ Այսօր, իբրեւ յաջորդները մեր նախորդներուն եւ արժանի ժառանգորդները մեր նահատակներուն, որոնց անունով օծուած է մեր եկեղեցին, աւելի՛ խտացնենք մեր շարքերը եկեղեցւոյ շուրջ, աւելի՛ ամրացնենք կապերը այսօրուան գործող մարմիններուն հետ ու փորձենք քիչ մը աւելի՛ զոհաբերող ըլլալ եկեղեցւոյ պայծառութեան ի նպաստ։ Բոլորս միասին յիսնամեակի վայել տօնախմբութեամբ մը փառաւորենք Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը եւ պանծացնենք Հովիտի հայ համայնքը։
ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻ
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ