
Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայց. եկեղեցւոյ առաջնորդարանին ու կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, պիտի ներկայացուին Զենոբ Ա. քհնյ. Նալպանտեանի «Այգեստան Հայ Դպրութեան» եւ «Հայաժառանգ Գանձեր» հատորները: Ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Յովսեփ քհնյ. Յակոբեան եւ Նազիկ Գոճայեան:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Օգոստոս 8, 2013ին, երեկոյեան ճամը 7:30ին, Արեւմտեան թեմի «Արմէն Համբար» սրահին մէջ՝ 3325 Glenoaks Boulevard, Burbank, CA 91504: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ հիւրասիրութիւն: Մուտքը ազատ է: