
Մէկ շաբթուան ընթացքին, կամաւոր աշխատանքովս «Ասպարէզ»ին մէջ, կրցայ շատ բաներ սորվիլ ու օգնել իրենց՝ թերթին մէջ տպուած նիւթերով: Աշխատանքս հետեւեալն էր. համակարգիչիս առջեւ նստած՝ կրցայ մեքենաշարել, մասնագիտական բառերը գրաշարել, անգլերէն նիւթերը թարգմանել հայերէնի, որպէսզի հայկական թերթն ալ ունենայ այդ նիւթերը, եւ մեքենաշարել հայկական նիւթեր, որպէսզի թերթին մէջ տպուին: Այս բոլորը իմ բառապաշարս կամաց-կամաց կը հարստացնէ:
Ես շատ ուրախ եմ այս կամաւոր աշխատանքով ու կը շարունակեմ օգտակար դառնալ իրենց:
Յուսանք Սեւակը ըլլայ օրինակ իր տարեկիցներուն եւ հետեւին
իր ծրագրին օգուտ դարնալով Հայ Ազգին․