ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լեւոն Անանեան վերընտրուած է Գրողներու միութեան նախագահ: 27 Յուլիսին Գրողներու միութիւնը գումարած է իր արտակարգ 16րդ համագումարը, որուն ընթացքին Անանեան ընտրուած է նախագահ, համալրուած է միութեան վարչութեան կազմը եւ հաստատուած միութեան կանոնադրութիւնը:
Նախագահի պաշտօնին համար առաջադրուած էր միայն գործող նախագահ Լեւոն Անանեանը, որ միաձայնութեամբ, բաց քուէարկութեամբ վերընտրուած է միութեան նախագահ՝ 4 տարուան ժամկէտով:
Նշենք, որ Լեւոն Անանեանը միութեան նախագահ ընտրուած է 2001ին, իսկ 2005 եւ 2009 թուականներուն վերընտրուած է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.