
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «azerisport» կայքը կը հաղորդէ, որ ատրպէյճանական «Ղարաբաղ» ֆութպոլի ակումբը բողոք պիտի ներկայացնէ՝ եւրոպական ֆութպոլի դաշնակցութեան «Եուրոփա» մրցաշարքին զտումի հանգրուանի մրցումին ընթացքին համակիրներուն կողմէ բարձրացուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դրօշակին համար: Դրօշակը պարզուած է, երբ դաշտին տէրերը («Պիաստա», Լեհաստան) իրենց երկրորդ եւ յաղթանակի կօլը նշանակած են: