ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ բանակէն աղբիւրներ Երկուշաբթի, Յուլիս 29ին հաղորդեցին, թէ բանակը իր ամբողջական հակակշիռին տակ առած է Հոմս քաղաքի կեդրոնական շրջանները, զորս պահպանելու համար՝ ընդդիմութիւնը յատուկ ջանք կը թափէր, նկատի ունենալով, որ Հոմսը իրարու կը կապէ մայրաքաղաք Դամասկոսն ու ալաուիներու ամրաբերդը նկատուող Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանները:
Երկուշաբթի օր բախումներ տեղի ունեցան նաեւ Հալէպի արեւմտեան ու հարաւային շրջաններուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ սահմանակից շրջաններուն մէջ:
Միւս կողմէ, սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Ճարպա յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու անմիջական աջակցութեան շնորհիւ, «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովը, որուն քննարկման առանցքային նիւթը Սուրիոյ մէջ փոխանցման կառավարութեան ձեւաւորումն է, կրնայ վերջ տալ Սուրիոյ արիւնալի պատերազմին՝ միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ «Ժընեւ 2»ին իբրեւ արդիւնք՝ «կարելի պիտի ըլլայ տապալել նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը»:
Ան աւելցուց, թէ հակառակ միջազգային լրատուամիջոցներու մէջ տարածուած տեղեկութիւններուն, Ֆրանսա եւ Բրիտանիա սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու մտադրութենէն չեն հրաժարած:
Նաեւ, ՄԱԿը Շաբաթ օր յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու օգտագործման հարցով հետաքննութիւն կատարելու առնչութեամբ համաձայնութիւն մը գոյացած է՝ շնորհիւ ՄԱԿի երկու յատուկ պատուիրակներու եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատի միջեւ բանակցութիւններուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.