ՄՈԿԱՏԻՇՈՒ, «Ռոյթըրզ».- Շաբաթ, Յուլիս 27ին, Սոմալիոյ մայրաքաղաք Մոկատիշուի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատունը ականահարուած ինքնաշարժով անձնասպանական գործողութեան մը թիրախը դարձաւ: Յարձակումին պատճառով, թրքական մասնայատուկ ուժերու մէկ անդամը սպաննուեցաւ եւ վիրաւորուեցան դեսպանատան ապահովութեան անձնակազմէն երեք թուրքեր:
«Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ անձնասպանական գործողութեան երեք հեղինակները սպաննուած են: Մինչ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց յարձակումը, «Քայիտա»ի առնչուած «Շապապ» շարժումը ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը: Ուաշինկթըն եւս դատապարտեց յարձակումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.