
ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Մարմարա», «Արմէնփրէս».- Թրքական «Ռատիքալ» թերթը Երեքշաբթի, Յուլիս 30ին արձագանգ հանդիսացաւ Մշոյ մէջ նոր քաղաքաշինութեան նպատակով կատարուած փլուզումներուն, որոնց զոհ պիտի երթան հայերէ մնացած վերջին տուներն ու շէնքերը։ Նկատի ունենալով, որ Վանի պաշտպանութեան խորհուրդը հաստատած է, թէ փլուզումի ենթարկուած շէնքերէն մէկը պատմական հնութիւն մըն է, առայժմս դադրեցուցած է փլուզումը։
Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը պայքար սկսած էր՝ կանխելու համար Մուշի հայկական տուներու ոչնչացումը: Կուսակցութեան Մուշէն պատգամաւոր Տեմիր Չելիք ցաւ յայտնած էր, թէ արդէն իսկ մեծ թիւով տուներ քանդուած են:
«Ռատիքալ» արձագանգ հանդիսացած է նաեւ Կարօ Փայլանի խօսքերուն: Փայլան կը ներկայացուի իբրեւ շրջանին մէջ հայկական ժառանգութեան մասին ուսումնասիրութիւններ կատարող անձ։ Կարօ Փայլան կ՛ըսէ, թէ փլուզումի ենթարկուած վայրին մէջ եկեղեցի, պատմական ճամբաներ ու վանքեր կան, ինչպէս նաեւ՝ բերդ մը, որ նախապէս կը կոչուէր Մուշեղի բերդ։ Ըստ Կարօ Փայլանի՝ Մշոյ մէջ կային ժամանակին 299 եկեղեցի, 94 վանք, 53 ուխտավայր եւ 5669 աշակերտ ունեցող 135 դպրոց։ Բոլորն ալ մէկ առ մէկ ոչնչացան։ «Քայլերու ձեռնարկեցինք, որպէսզի մնացեալ երեք փողոցները փրկուին։ Պոլսոյ մէջ եթէ ըլլայ, գամ մ՛իսկ չես կրնար գամել: Գացինք Մշոյ Ս. Կարապետ վանք, հոն միայն քանի մը պատկեր մնացեր է, իսկ գետնայարկը ախոռի վերածուած է։ Գիւղացի տղաքը խաչի պատկերով փորագրուած 1500 տարուան քարերը կը ծախեն անցորդներուն։ Կարծես լուռ համաձայնութիւն մը կայ, որ հայերէն մնացած ամէն բան բնաջնջուի», կ՛ըսէ Կարօ Փայլան։