Արցախ տուած երկօրեայ այցելութեան առաջին օրը Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Ազգային ժողովի դահլիճ, ուր Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Արցախի մասին սպառիչ տեղեկութիւններ փոխանցեց, անդրադարձաւ անոր պատմական-մշակութային արժէքներուն, ռազմական սխրանքներուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Ան աւելցուց, թէ իւրաքանչիւր երիտասարդ կրնայ իր մասնագիտացումի ճամբով օգտակար ըլլալ Հայաստանին ու Արցախին:
Երկրորդ այցելութեան վայրը Ստեփանակերտի զօրամասերէն՝ 8րդ պաշտպանական շրջանն էր, ուր ուսանողները ծանօթացան զինուորական առօրեային, ստացան ռազմավարական գիտելիքներ. հաւաքի մասնակիցները յանձնեցին մարզական սարքեր՝ իբրեւ խորհրդանշական նուէր:
Յաջորդ հանգրուանը Գանձասարն էր, ուր ուսանողներուն փոխանցուեցան տուեալ կոթողին մասին մանրամասնութիւններ: Օրուան վերջին կայքը Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանն էր. ֆորումականները ծանօթացան անոր կեանքին ու գործունէութեան, ապա այդ շինութեան կողքին՝ բնութեան գիրկը, Արցախի լեռներով շրջապատուած խորոված պատրաստեցին, կերան ու երգեցին մինչեւ կէս գիշեր:
Երկրորդ օրը ֆորումականները առաւօտեան այցելեցին Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին, ապա Նարեկացի արուեստի դպրոցը, ուր տեղի կ՛ունենայ Արամ Մանուկեան ճամբարը: Պանդոկ վերադառնալէ առաջ հաւաքի մասնակիցները կանգ առին æդրդուզ ու ծանօթացան Շուշիի ազատագրումը խորհրդանշող լերան: Կէսօրէն ետք խումբը մեկնեցաւ դէպի Տիգրանակերտի բերդ ու թանգարան:
Ստեփանակերտ վերադարձին, ֆորումականները այցելեցին ՀՅԴ երիտասարդական կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցան միութեան անդամներուն հետ:
Արցախի մէջ վերջին երեկոն եղաւ ճոխ ու խանդավառ. արդարեւ, երաժշտական խումբի մը ընկերակցութեամբ մասնակցողները վայելեցին անմոռանալի երեկոյ մը:
Ֆորումականները Արցախին հրաժեշտ տուին «Տատիկին ու Պապիկին» խոստանալով կրկին այցելութիւն:
Յաջորդ կանգառը Լաչին էր, ուր ուսանողները Երեւանի պետական համալսարանի ծառատունկի ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին. անոնք դիմաւորուեցան մեծ ոգեւորութեամբ, ինչպէս նաեւ տնկեցին եւ որդեգրեցին երեք ծառեր:
Տաթեւի վանքը եղաւ խումբին յաջորդ այցելութեան վայրը: Հրաշալի այս վայրը նոր թեւեր տուաւ ֆորումականներուն՝ ճոպանուղիով «թռչելու» ու հասնելու վանք, ապա խումբը կանգ առաւ Շաքէի ջրվէժին մօտ: Ճաշի կարճ դադարէ մը ետք հաւաքի մասնակիցները ճամբայ ելան դէպի Երեւան:
Հաւաքի նախավերջին օրը,առաւօտեան ֆորումականները այցելեցին Էջմիածնի Մայր տաճար եւ թանգարան, ապա՝ Ս. Գայեանէ եկեղեցի, ուր կը գտնուի Րաֆֆիի «Խենթ»ին շիրիմը: Այնուհետեւ խումբը այցելեց Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցի եւ Զուարթնոցի տաճար:
Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7ին, ֆորումականները իրենց մասնակցութիւնը բերին Համա-ՀՄԸՄական 9րդ մարզախաղերու բացման պաշտօնական հանդիսութեան եւ տողանցքին:
Կիրակի, 28 Յուլիս 2013ը յատկանշական օր մըն էր ֆորումականներուն համար՝ տրուած ըլլալով, որ ուսանողական հաւաքը կը հասնէր իր աւարտին:
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն արդէն իսկ յանձնախումբերը կը պատրաստուէին եզրափակիչ հանդէսին՝ կատարելով վերջին փորձերը:
Կէսօրէն ետք, ժամը 4:30ին, Նարեկացի արուեստի կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւարտական հանդէսը: Ֆորումականները հանդէս եկան պարով, խմբերգով, զուգերգով մը, նուագով եւ թատերական ներկայացումով: Մասնակիցներուն կողմէ պատրաստուած սահիկներու ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէր ֆորումականներն ու անոնց առօրեան հաւաքին ընթացքին: Հանդէսի աւարտին խօսք առին Լիլիթ Գալստեանը եւ Նորա Թաշճեանը. բոլոր մասնակիցներուն յանձնուեցան Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակցութեան հաստատագիրները:
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ հրաժեշտի ընթրիք «Պելաժիօ» ճաշարանին մէջ, ուր ֆորումականները պարով ու երգով անցուցին անմոռանալի երեկոյ մը:
29 Յուլիսի առաւօտեան կարգ մը մասնակիցներ արդէն իսկ մեկնեցան իրենց երկիրները, յուզումով ու արցունքներով բաժնուելով իրենց ընկերներէն եւ խոստանալով, որ անգամ մը եւս կը հանդիպին հայրենիքի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.